
Յառաջիկայ տարի Երեւանի մէջ կը նախատեսուի կայացնել ֆութպոլի մեծ հանդիպում մը նախկին Խորհրդային Միութեան հաւաքականի եւ աշխարհի ֆութպոլի առասպելներուն միջեւ: Այս առիթով բանակցութիւններ կը կատարուին Տիեկօ Մարատոնայի հետ, որ նախնական համաձայնութիւն տուած է ժամանելու Հայաստան:
Հանդիպումը նուիրուած պիտի ըլլայ հայկական ֆութպոլի առասպել Խորէն Յովհաննիսեանին: Այս առիթով «Ռոսիա 2» պատկերասփիւռի կայանը պիտի նկարահանէ Յովհաննիսեանին նուիրուած ժապաւէն մը, որ պիտի ցուցադրուի հանդիպումէն առաջ:


