Ուֆայի յետսապահ Տենիս Թումասեան, որ Տինամոյի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւն) վիրաւորուեցաւ, ցարդ չի գիտեր, թէ ե՞րբ պիտի սկսի իր փորձերուն, որովհետեւ բժիշկները այդ ուղղութեամբ ոչինչ կը յայտարարեն:
«Ա. կիսախաղին բախում մը ունեցայ Ալեքսանտր Քոքորինի հետ: «Մէջքիս զօրաւոր ցաւ զգալով մարզիչէն խնդրեցի, որ փոխարինուիմ այլ մարզիկով մը: Թէեւ կտրուածք չունիմ, բայց եւ այնպէս չեմ գիտեր, թէ որքա՛ն ժամանակի կարիք ունիմ փորձերու վերսկսելու համար», յայտնեց Թումասեան` ակումբին պաշտօնական կայքին իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին:


