
Մատրիտի «Սանթիակօ Պեռնապէօ» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած Սպանիոյ գերբաժակի մրցաշարքին երթի մրցումին, Ռէալ Մատրիտ, որ հիւրընկալեց Աթլեթիքօ Մատրիտը, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ:
81-րդ վայրկեանին Խեմես Ռոտրիկեզ բացաւ մրցումին հաշիւը:
Կը կարծուէր, որ քոլոմպիացիին նշանակած կոլին շնորհիւ արքայական ակումբը յաղթանակ պիտի արձանագրէ: Սակայն 88-րդ վայրկեանին հիւր կազմը յաջողեցաւ նշանակել իր հաւասարութեան կոլը` շնորհիւ Ռաուլ Կարսիայի:
Երկու կազմերը դարձեալ իրարու պիտի հանդիպին ուրբաթ, 22 օգոստոսին, այս անգամ Աթլեթիքոյին դաշտին վրայ:


