Իրանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Իսթիղլալ, որուն հետ հանդէս կու գայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յետսապահ Հրայր Մկոյեան, 3-2 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Սայպային:
Մկոյեան, որ դաշտ ներկայացած էր իբրեւ հիմնական մարզիկ, իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ 90 վայրկեան:
46-րդ վայրկեանին ան պատճառ դարձաւ, որ հիւր կազմը ձեռք ձգէ փենալթի մը:
Նշենք, որ Իսթիղլալի կազմէն Բ. կիսախաղին դաշտ ներկայացաւ Իրանի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Անդրանիկ Թէյմուրեան:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք Իսթիղլալ 9 կէտով կը գրաւէ դասաւորման երրորդ դիրքը, կ՛եզրափակէ ArmSport.am:


