Կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապ երէկ յայտարարեց, որ պետական քննութեանց վկայագիրները յառաջիկայ շաբթուընէ սկսեալ պիտի կնքուին շրջաններուն մէջ: Ապու Սաապ նշեց, որ կապերը կը շարունակուին, յատկապէս ֆրանսական եւ իտալական դեսպանատուներուն հետ` դիւրացնելու համար արտասահման ուսանիլ փափաքող աշակերտներու պարագան եւ արդէն իսկ այս գծով եօթանասուն դիմում ընդունուած է:
Իր կարգին, Նաամէ Մահֆուտ ուսուցիչներու սենտիքային անունով յայտնեց, որ այսօր բոլոր պետական հաստատութիւնները գործադուլի պիտի դիմեն` առ ի բողոք իրենց պահանջներու անտեսումին:


