Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՊԱՔՈՒ ՊԱՏՐԱՍՏ Է ԵՐԵՒԱՆԻ ՀԵՏ ԽԱՂԱՂ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐԻ ՇՈՒՐՋ ԱՅՍՕՐ ԻՍԿ ԱՇԽԱՏԵԼՈՒ» Կ՛ԸՍԷ ՄԱՄԵՏԵԱՐՈՎ

July 14, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Էլմար Մամետեարով

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Ազրպէյճան պատրաստ է Հայաստանի հետ ղարաբաղեան տագնապին առնչութեամբ խաղաղ համաձայնագիրի շուրջ աշխատանքներու սկսելու:

«Կը կարծեմ, որ որոշակի յառաջընթաց արձանագրուած է, եւ մենք հանգիստ կրնանք անցնիլ խաղաղ համաձայնագիրին», ըսած է ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ «Պաքու ե՞րբ կրնայ սկսիլ հայկական կողմին հետ խաղաղ համաձայնագիրի շուրջ բանակցութիւններուն», Մամետեարով ըսած է. «Նոյնիսկ այսօր»: «Տարբեր լրատուամիջոցներ կը գրեն այն մասին, որ Քազանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը յաջողութեամբ չպսակուեցաւ: Սակայն ես այդ տեսակէտին համաձայն չեմ: Ես աւելի կը կիսեմ այն դիրքորոշումը, որ նախ եւ առաջ, ինչ որ արտացոլուած է նախագահներու յայտարարութեան մէջ, մերձեցում տեղի ունեցած է, եւ երկրորդ, մենք` Ազրպէյճանը եւ Հայաստանը, պէտք է շարունակենք բանակցութիւնները առանց որեւէ քարոզչական քայլերու, ջղագարութեան, պէտք է շարունակենք դիրքորոշումներու մերձեցման համար աշխատանքները»: Մամետեարով աւելցուցած է, որ «Ազրպէյճան կը շարունակէ 2010-ի Սոչիի հանդիպումէն ի վեր հանդէս գալ նոյն դիրքերէն: Մենք պատրաստ ենք խաղաղ համաձայնագիրի բնագիրի մշակման շուրջ աշխատանքներուն սկսելու` հաշուի առնելով այն ինչ որ կատարուած է: Քազանը մեզի թոյլ տուաւ դէպի յառաջ շարժելու»:

«Մենք կը հասկնանք, որ տակաւին կան չհամաձայնեցուած տարրեր, սակայն անոնք ամէն պարագայի պէտք է արտացոլան խաղաղ համաձայնագիրին մէջ: Եւ եթէ իրականութեան մէջ կայ բարի կամք, եկէք առանց սպասելու հիմնարար սկզբունքներուն առնչութեամբ բանակցութիւններու յաջորդ փուլին մէկ անգամէն սկսինք աշխատանքներուն», ըսած է ան:

«Հիմնարար սկզբունքներուն մէջ գոյութիւն ունին չհամաձայնեցուած մանրամասնութիւններ, եւ ինչու ջանք մսխել այդ տարրերուն համաձայնեցման ուղղութեամբ, եթէ անոնք ամէն պարագայի պիտի արտացոլան խաղաղ համաձայնագիրին մէջ», ըսած է Մամետեարով` կոչ ուղղելով խաղաղ համաձայնագիրին շուրջ աշխատանքները անյապաղ սկսելու:

«Եկէք ամբողջ աշխարհին ցոյց տանք մեր քաղաքական կամքը, որ մենք պատրաստ ենք անմիջապէս իրաւաբանօրէն պարտադրուող խաղաղ համաձայնագիրին շուրջ աշխատանքներու սկսելու, քան` քաղաքական փաստաթուղթի», ըսած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը:

 

Նախորդը

ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՆ ԱԺՈՒՊԱԼԻՍԻ ՀԵՏ

Յաջորդը

ՎՐԱՑԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔՆԵՐԸ ԿԸ ԶՐԿԷ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ԻՐԱՒԱԲԱՆԱԿԱՆ ԱՆՁԻ ԿԱՐԳԱՎԻՃԱԿԷՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.