
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքն ու Արեւելքի կաթողիկէ յարանուանութեան բոլոր պատրիարքները այսօր պիտի մեկնին Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար մարզ` զօրակցութիւն յայտնելու Էրպիլի, Նինուէի եւ Մուսուլի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի վայրագութիւններուն դէմ քրիստոնեայ համայնքին ցուցաբերած գոյատեւման պայքարին:
Ըստ վստահելի աղբիւրներու, պատրիարքական պատուիրակութեան Իրաք կատարելիք այս այցելութիւնը տեղի պիտի ունենայ Վատիկանի հետ գործակցաբար:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ապահովական եւ քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ բանակին զօրակցելու եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու անհրաժեշտութիւնը:
Իր կարգին, Ռայի պատրիարքը Պշարրէի Թուրզա գիւղաքաղաքը տուած այցելութեան ընթացքին շեշտեց, որ երկիր մը առանց հանրապետութեան նախագահի չի կրնար գոյատեւել:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը, որպէսզի երկրին կացութիւնը կանոնաւորուի եւ Լիբանան շարունակէ գոյատեւել:
Նշենք, որ Ռայի պատրիարքը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ, ինչպէս նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիէն:


