
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ ընդունեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Արթիւր Նազարեանը` ներկայութեամբ Ելեկտրականութեան ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Քամալ Հայեքի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Ելեկտրականութեան ընկերութեան վերաբերող շարք մը հարցեր, որոնց լոյսին տակ Ա. Նազարեան շեշտեց, որ ինք կը մերժէ սարակներուն կողմէ ընկերութեան մէջ արձանագրուած մագլցողական քայլերը:
Իր կարգին, Հայեք շեշտեց, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան դռներու փակումն ու վարչութեան եւ պաշտօնէութեան մուտքը արգիլելու քայլերը խիստ մերժելի են:
Հայեք հաստատեց, որ Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը գործադրած է խորհրդարանին եւ Քաղաքացիական ծառայութեան խորհուրդին որդեգրած օրէնքները:
Նշենք, որ երէկ առաւօտեան Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակները բողոքի նստացոյց մը կատարեցին ընկերութեան ընդհանուր տնօրէնին գրասենեակին մուտքին եւ արգիլեցին վարչութիւնն ու պաշտօնէութիւնը ընկերութիւն մուտք գործելէ:
Վարչապետ Սալամ ընդունեց նաեւ ամերիկեան պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին ամերիկացի քոնկրեսական Տերիլ Իսան եւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը:


