
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
Զօր. Քահուաժի ընդունեց նաեւ նախկին նախարար Ուիամ Ուահապը, որ շեշտեց լիբանանեան բանակին օժանդակելու եւ զօրակցելու անհրաժեշտութիւնը` նկատի ունենալով բանակին ունեցած հիմնական դերակատարութիւնը` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:
Զօր. Քահուաժիի այցելեց նաեւ նախկին երեսփոխան Ֆարես Սուէյտ եւ իրաւաբան Սեսին Սեսին:


