«Վաթիքըն Ինսայտըր» 15 օգոստոսի իր թիւին մէջ հաղորդած է, որ սահմռկեցուցիչ վկայութիւններ պիտի հրատարակուին գիրքի մը մէջ: Այս լուրը հրապարակուած է «Լիւքս Արքանա» ցուցահանդէսի ներկայացման ընթացքին. վերջինս աշխարհի ամէնէն հին արխիւներէն մէկուն գանձերը պիտի ցուցադրէ:
Օրաթերթը կը նշէ, որ Վատիկանի գաղտնի արխիւներուն մէջ պահուած են փաստաթուղթեր, որոնք կը պատմեն Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերուն դէմ գործուած «աննախադէպ եւ ցնցիչ ցեղասպանութեան» մասին: Փաստաթուղթերը մօտ օրէն պիտի հրապարակուին Վատիկանի արխիւներու բաժանմունքին կողմէ խմբագրուած գիրքի մը մէջ: Յառաջիկայ փետրուարին նախատեսուած «Լիւքս Արքանա» ցուցահանդէսին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով հանրութեան պիտի ներկայացուին աշխարհի ամէնէն հին եւ համապարփակ արխիւներէն մէկուն գանձերը:
Գաղտնի արխիւներու պատասխանատու Սերճիօ եպս. Փականօ յայտնեց, որ վկայութիւնները «մանրամասն» կերպով կը ներկայացնեն «հայերուն դէմ թուրքերուն օգտագործած չարչարանքները»: Ան իբրեւ օրինակ նշեց, որ օսմանցի զինուորները գրաւ կը դնէին «յղի կիներու արգանդին մէջ եղած մանուկներուն սեռին վրայ` նախքան արգանդը բանալն ու նոյն դանակով մանուկները սպաննելը»:
Ան կը նշէ, որ այդ դրուագները «զիս մարդ ըլլալուս համար ամօթով կը ձգեն, եւ եթէ հաւատքը չըլլար, միայն խաւար պիտի տեսնէի»:
Օրաթերթը կը գրէ, որ այդ փաստաթուղթերուն հրապարակումը Վատիկանի եւ Թուրքիոյ միջեւ լարուածութիւնը պիտի վերահրահրէ, մանաւանդ որ 3 յունիս 2013-ին Անատոլուի առաքելական առաջնորդ Լուիճի եպս. Փատովեզի սպանութեան յիշողութիւնը տակաւին թարմ է:


