
Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ շաբաթավերջին կրթութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ նկատի ունենալով Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին կողմէ պետական քննութիւնները պոյքոթի ենթարկելու որոշումին կառչած մնալու տրամադրութիւնը, ինք պետական քննութիւններուն մասնակցած բոլոր աշակերտներուն վկայագիր յանձնելու իր որոշումը պիտի գործադրէ:
Ապու Սաապ յայտնեց, որ աշակերտները այդ վկայագիրները պիտի օգտագործեն համալսարան մուտք գործելու համար: Բացի վկայագիրէն, նախարարութիւնը նաեւ պիտի հրապարակէ այլ փաստաթուղթ մը, որ իրաւունք կու տայ աշակերտին ներկայանալու համալսարանի մուտքի քննութեան:
Այսպիսով, պետական քննութիւններու մասնակցած 148 հազար աշակերտներ յաջողած կը նկատուին:
Այս առումով Ապու Սաապ հրահանգեց նաեւ փճացնել աշակերտներուն կողմէ կատարուած քննութիւնները: Ան շեշտեց նաեւ, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանին մէջ օրէնքով պիտի վաւերացնէ կրթութեան նախարարութեան յանձնած վկայագիրները, ըստ որոնց կը հաստատուի աշակերտներուն յաջողութիւնը:
Ապու Սաապ դիտել տուաւ, որ թէեւ որոշումը կրնայ անարդար ըլլալ, սակայն աղէտալի չէ, ինչպէս ոմանք կը ներկայացնեն:
Միւս կողմէ, Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ Ապու Սաապ առանձին կը ստանձնէ վկայագիրի յանձնումին պատասխանատուութիւնը:
Իր կարգին, Անձնական դպրոցներու ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ յայտնեց, որ Ապու Սաապ աճապարած է իր տուած որոշումին մէջ:


