Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Սալամ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Գերեվարուած Զինուորներուն Ընտանիքներուն Հետ

August 18, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

0817_salam_soldier's_familiesՎարչապետ Թամմամ Սալամ շաբաթավերջին վարչապետարանին մէջ ընդունեց լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն գերեվարուած զինուորներուն ընտանիքները, որոնք հարցուցին իրենց զաւակները ազատ արձակելու ջանքերուն մասին:

Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ ինք ճիգ չի խնայեր այդ զինուորները ազատ արձակելու իմաստով: «Լիբանանեան պետութիւնը իր զաւակներուն ճակատագիրը անորոշ չի ձգեր եւ ոչ մէկ ձեւով պիտի լքէ զանոնք», ըսաւ ան:

Սալամ աւելցուց, որ Արսալի մէջ պատահածը ամբողջ երկրին կը սպառնար` նկատի ունենալով շրջանային ապակայունութիւնն ու ներքին լիբանանեան լարուածութիւնը եւ նախագահական աթոռին թափուր մնալը, որուն լուծումը ցարդ անկարելի է:

Վարչապետը ընդգծեց, որ Արսալի մէջ պատահածը անակնկալ էր: «Ոչ ոք կ՛ակնկալէր, որ ՏԱՀԵՇ կամ զինեալներ ու ահաբեկիչներ նման քայլի մը դիմեն, ինչպէս նաեւ վայրագութիւն գործեն բնակիչներուն եւ ապահովութեան ուժերուն դէմ», ըսաւ Սալամ:

Ան աւելցուց նաեւ, որ Արսալի դէպքերը նման աւարտ մը պիտի չունենային, եթէ անոնց դիմադրելու քաղաքական որոշում մը չգոյանար: Վարչապետը դրուատեց լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը եւ շեշտեց, որ անոնց զաւակներուն թղթածրարին հետապնդումը պիտի շարունակուի կատարեալ գաղտնապահութեամբ:

Վարչապետ Սալամ Մուսայթպէի իր բնակարանին մէջ ընդունեց նաեւ Արսալի թաղապետերն ու հեղինակութիւնները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն ներկայութեան ընդգծեց, որ իրենք պիտի թեթեւցնեն սուրիացի գաղթականներուն դէպի Արսալ տեղափոխութիւնը:

Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ Արսալի մէջ կացութիւնը այսօր շատ աւելի լաւ է եւ լիբանանեան պետութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ բարգաւաճեցնելու համար այս շրջանը:

Նախորդը

«Որոշած Ենք Դիմադրել Տահեշ-Ին` Առանց Համախոհութեան Մը Գոյացման Սպասելու» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Յաջորդը

Խորհրդարանի Նախագահը Ընդունեց Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Պաշտօնատարը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.