Ուաշինկթըն կը խորհրդակցի Եւրոպական Միութեան անդամ իր գործընկերներուն հետ` Ազրպէյճանի մէջ իրաւապաշտպաններու ձերբակալութիւններու, անոնց հարկերէ խուսափելու եւ հայկական յատուկ ծառայութիւններու հետ համագործակցութեան մեղադրանքներ ներկայացնելու կապակցութեամբ:
Ազրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը չորեքշաբթի օր Ուաշինկթընի մէջ դիւանագիտական աղբիւրներու յղում կատարելով հաղորդած էր, որ ամերիկացի եւ եւրոպացի դիւանագէտները ուշադրութեամբ կը հետեւին Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն:
Ամերիկացի դիւանագէտներն ու քաղաքական գործիչները մտահոգ են վերջին ձերբակալութիւններով եւ «ուղիներ կը փնտռեն իրավիճակի կարգաւորման եւ քաղաքացիներուն աջակցութիւն ցոյց տալու համար, որպէսզի կառուցուի ազատ եւ արդար հասարակութիւն»:


