Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Որոշեց Սէուտական Նպաստը Ընդունիլ Եւ Համաձայն Գտնուեցաւ Պետական Քննութեան Ներկայացած Աշակերտներուն Վկայագիր Յանձնելու

August 15, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կառավարութեան նիստէն պահ մը
Կառավարութեան նիստէն պահ մը

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը շուրջ 11:00-ին, վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Թամմամ Սալամի:

Նիստին ընթացքին վարչապետ Սալամ շեշտեց հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան կարեւորութիւնն ու առաջնահերթութիւնը, ապա անդրադարձաւ Արսալի դէպքերուն` հաստատելով, որ այդ մասին կառավարութեան տուած վճռակամ որոշումը արդիւնաւորուեցաւ Արսալի տագնապը հաւասարակշռելով:

Այս շրջագիծին մէջ վարչապետ Սալամ շեշտեց սակայն, որ այս իմաստով լիբանանցի զինուորներուն գերեվարումը մտահոգիչ է եւ անհրաժեշտ է այդ հարցին գծով միացեալ կեցուածք որդեգրել:

Տեղեկատուութեան նախարար Ռամզի Ժրէյժ, որ նիստէն ետք կարդաց կառավարութեան նիստին վաւերացուցած որոշումները, նշեց, որ վարչապետ Սալամ ակնարկած է նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին իմաստով Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուած արաբական եւ միջազգային զօրակցութեան:

«Սալամ դրուատեց հանրապետութեան միւֆթիի համախոհութեամբ ընտրութեան քայլին ձգած դրական տպաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ սիւննիական միասնականութեան ամրապնդման առումով անոր ունենալիք ազդեցութիւնը», ըսաւ Ժրէյժ:

Տեղեկատուութեան նախարարը շեշտեց, որ կառավարութիւնը որոշած է լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն տրամադրուած մէկ միլիառ տոլարի սէուտական նիւթական նպաստը ընդունիլ:

Անդրադառնալով երկրին կրթական մարզը յուզող պետական քննութիւններուն թղթածրարին` կառավարութիւնը վերահաստատեց, որ ինք այս հարցին լուծման համար կը լիազօրէ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապը եւ համաձայն է, որ պետական քննութեան ներկայացած աշակերտներուն վկայագիրներ յանձնուին:

Ժրէյժ յայտնեց, որ կրթութեան նախարարը մինչեւ շաբաթ, 16 օգոստոս 2014 պիտի սպասէ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին վերջնական որոշումին, ապա ինք վերջ պիտի տայ այդ հարցին:

Կառավարութիւնը քննարկեց եւ խստիւ դատապարտեց նաեւ Թրիփոլիի մէջ կարգ մը երեւոյթներու գծով մատնանշումները, որոնք ապատեղեկատուութիւն են` հաստատելով, որ Թրիփոլի կը մնայ ազգային համերաշխութեան քաղաքը:

Կառավարութիւնը խստիւ դատապարտեց նաեւ Մոսուլի մէջ արձանագրուող սպանդները եւ կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին փութալու իրաքեան ընկերութիւնը կազմող բոլոր շերտերուն պահպանումին, ինչպէս նաեւ տալու որոշումներ, որոնց հիման վրայ կարելի կ՛ըլլայ պաշտպանել ժողովուրդները եւ կասեցնել մարդկութեան դէմ գործուող ոճիրները:

 

Նախորդը

Խորհրդարանի Նախագահը Զօր. Քահուաժիի Հետ Քննարկեց Երկրին Ապահովական Իրավիճակը

Յաջորդը

«Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ամառնային Դպրոցի Եզրափակիչ Հանդիսութիւն

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.