Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեան Նըժմէի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ Լիբանանի ողիմպիական ազգային խումբին եւ Ահլի Սայտայի յառաջապահ Մահմուտ Սըպլինին միացուց իր կազմին` այս ձեւով փորձելով զօրացնել իր շարքերը` Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանին լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելու համար:
21 տարեկան Սըպլինի կը նկատուի Լիբանանի ամէնէն լաւ երիտասարդ յառաջապահներէն մէկը, որ կը խոստանայ ունենալ փայլուն ապագայ:
Նըժմէի ընդհանուր քարտուղար Սաատէտտին Իթանի շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց Ահլի Սայտայի, որ այս փոխանցման մէջ իր կարեւոր դերը ունեցաւ եւ երկու կողմերուն միջեւ տարուած աշխատանքներուն հեզասահ ընթացք տուաւ:
Կը կարծուի, որ Նըժմէ գրեթէ ամբողջացուց իր կազմը նոր տարեշրջանին գծով եւ շատ հաւանաբար որեւէ այլ մարզիկ չմիացնէ իր շարքերուն:


