Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՕՄ-ի Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Ծրագիրները Հալէպի Մէջ

August 15, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
PR035_20140811_Att1
ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ճիգերով կը շարունակուի տաք ճաշի մատակարարումը:

Հակառակ Հալէպի մէջ տիրող քաղաքական եւ կենցաղային ծանր պայմաններուն, ի մասնաւորի Նոր Գիւղ շրջանի ապահովական դժուարութիւններուն, Սուրիահայ օգնութեան խաչը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը` իրագործելով ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ միաւորներու ներդրումով ՀՕՄ-ի ծրագիրները:

Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ «Պնակ մը տաք ճաշ» ծրագիրը ծնունդ առած է Սուրիոյ տագնապի սկզբնական օրերուն` հոկտեմբեր 2012-ին. կարիքաւոր, բազմազաւակ ընտանիքներու եւ անկարող տարեցներու ուղղուած այս ծրագիրը շաբաթական 300 անձի տաք եւ լիարժէք սնունդով ճաշ կը մատակարարէ: Քաղաքի շրջափակման եւ սննդանիւթերու սակաւութեան ամենածանր օրերուն իսկ անընդհատ շարունակուած այս ծրագիրը, Նոր Գիւղ շրջանի եւ ՍՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոնին կրած վնասներուն պատճառով կարճ ժամանակ ակամայ դադրեցաւ: Յունիս 19, 2014-ին, ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ճիգերով կարելի եղաւ վերականգնել սոյն ծրագիրը` «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնի «Գառնի» ճաշասրահին մէջ, ուր ներկայիս շաբաթական երկօրեայ դրութեամբ տաք ճաշ կը մատուցուի կարիքաւորին:

PR035_20140811_Att2ՀՕՄ-ի Միացեալ Նահանգների Արեւելեան շրջանի «Երաշխաւորէ սուրիահայ ընտանիք մը» ծրագրի երրորդ փուլը գործադրուեցաւ հինգշաբթի, 3 յուլիս, 2014-ին, «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան «Լեւոն Շանթ» սրահին մէջ: Նորածին երեխայ ունեցող քառասուն ընտանիքներու տրամադրուեցաւ 4,000 տոլար, իւրաքանչիւր ընտանիքին յատկացնելով 100 տոլար:

Սուրիահայ օժանդակութեան աշխատանքներուն ծիրէն ներս, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը երկու յաջորդական տարիներ նիւթական յատուկ յատկացումով կ՛օժանդակէ նաեւ ՍՕԽ-ի խնամատարական աշխատանքներուն, համաձայն որուն, 250 ընտանիքներ ամսական դրութեամբ կը ստանան սննդակողովներ կամ կենցաղային անհրաժեշտ նիւթեր: Ընթացիկ ամսուան մէջ, սննդեղէնի օժանդակութեան փոխարէն, ուրբաթ, յուլիս 25, 2014-ին, ՍՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ 250 կարիքաւոր ընտանիքներ ստացան նիւթական օժանդակութիւն:

PR035_20140811_Att3
ՀՕՄ-ի Միացեալ Նահանգների Արեւելեան շրջանի «Երաշխաւորէ սուրիահայ ընտանիք մը» ծրագրի 3-րդ փուլը գործադրուեցաւ:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութիւններով եւ աշխարհասփիւռ միաւորներու անվերապահ աջակցութեամբ հզօրացած` Սուրիահայ օգնութեան խաչը կենցաղային ծանր պայմաններու տակ իսկ կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ կարիքաւորին:

Վերոնշեալ ծրագիրներուն կողքին, ՀՕՄ-ը կը շարունակէ նպաստել հայկական վարժարաններուն` «Դպրոց» ֆոնտին միջոցաւ: 2013-ին հաստատուած «Տաքուկ Բնակարան» ծրագիրը ձմրան ընթացքին ջեռուցման անհրաժեշտ վառելանիւթով կ՛ապահովէ լուրջ դժուարութիւններ դիմագրաւող հալէպահայ կարիքաւոր ընտանիքները:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը բարձր գնահատելով ՀՕՄ-ի համակիրներուն եւ միաւորներուն նուիրեալ աշխատանքը` կը շարունակէ քաջալերել անոնց ներդրումը` մարդասիրական օժանդակութեան ծրագիրներու յաջողութեան համար:

 

 

Նախորդը

Թումանեանական Երեկոյ Զմմառու Դպրեվանքին Մէջ

Յաջորդը

«200 Կամաւոր Նեղացած Է, Թէ Ինչո՛ւ Իրենց Առաջնագիծ Չենք Ուղարկեր». Պարգեւ Սրբազան

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.