Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թումանեանական Երեկոյ Զմմառու Դպրեվանքին Մէջ

August 15, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_2253Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 145-ամեակին նուիրուած էր Զմմառեան միաբանութեան ժառանգաւորացին կազմակերպած ամառնային միամսեայ հայերէնի դասընթացքի աւարտական հանդիսութիւնը, հովանաւորութեամբ Զմմառեան միաբանութեան մեծաւոր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանի, նախաձեռնութեամբ Զմմառեան միաբանութեան դպրեվանքի տեսչութեան:

8 օգոստոս 2014-ի, երեկոյեան ժամը 8:30-ին Զմմառու նախկին դպրատան մէջ տեղի ունեցած թումանեանական երեկոյին հանդիսավարն էր կիսասարկաւագ Ժան Տիգրան Փիլիպոսը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ժիւլիան Լեւոն Ստեփանը, որ ներկայացուց հայերէնի դասընթացքի յայտագիրը եւ անոր անհրաժեշտութիւնը:

Ապա դպրեվանքի սաները ներկայացուցին Արմէն Տիգրանեանի յօրինմամբ օփերայի վերածուած Յովհաննէս Թումանեանի «Անուշ»¬էն «Ամպի տակից» հատուածը` ղեկավարութեամբ դպրեվանքի փոխտեսուչ Մաշտոց վրդ. Զահթերեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Էլի Պետրոս Հատտատի:

Ապա ցուցադրուեցաւ Յովհաննէս Թումանեանի կենսագրութիւնը ներկայացնող տեսերիզ:

Օրուան բանախօս Ժաք Սահակ Քէշիշեանը ներկայացուց եւ վերլուծեց Յովհաննէս Թումանեանի գլուխ գործոցներէն կարեւորագոյնները: Իւրաքանչիւր վերլուծութեան աւարտին սաները ներկայացուցին Թումանեանի տուեալ ստեղծագործութենէն հատուած մը:

Թումանեանի հայրենասիրական շունչով գրուած «Հայրենիքիս հետ» ստեղծագործութիւնը սիրուած երգի վերածած է Ա. Յարութիւնեանը, որ ներկայացուցին նորընծաներն ու ժառանգաւորները, ընթացքի ասմունքը կատարեց Համլեթ Այվազեանը:

Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի եւ Սուրբ Միքայէլ ընծայարանի տեսուչ Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը: Ան Ամենայն Հայոց բանաստեղծին ծաւալած ազգանուէր ծառայութեանը մասին խօսելով` ըսաւ. «Թումանեանի դիւրաբեկ սիրտը չէր կրնար տոկալ, երբ սեփական աչքին առջեւ կ’ողջակիզուէր իր ժողովուրդը: Ազգին ճակատագրով մտատանջուող բանաստեղծը ճիգերու գերագոյն լարումով փութաց` փրկութեան ձեռք մեկնելով մոխիրներէն յառնած ժողովուրդին, զանոնք պատսպարելով Էջմիածնի մէջ: Ան նոյնիսկ չանսալով Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կողմէ դրուած որոշ արգելքներուն` Էջմիածնի նորակառոյց վեհարանին մէջ տեղաւորեց անօթեւան հայերը, անով իսկ նուաճելով Ամենայն Հայոց բանաստեղծի պատուաւոր կոչումը»:

Տեսուչ հայր սուրբը ներկայ միաբան հայրերը պատուեց դպրեվանքի նորակերտ շէնքի 50-ամեակի յուշանուէրով: Ապա բեմ հրաւիրեց դպրեվանքի հայերէնի ուսուցչուհի Սօսէ Փիլաւճեանը` անոր յանձնելու դպրեվանքի յուշանուէրը, իսկ  ժառանգաւորները, իբրեւ երախտագիտութիւն, ծաղկեփունջ մը նուիրեցին:

Գաբրիէլ թ.ծ.վրդ. Մուրատեանը իր հայրական պատգամը փոխանցեց սաներուն: Ան նորընծաներն ու ժառանգաւորները յորդորեց` մնալ հաւատարիմ Զմմառեան միաբանութեան. «Քանզի դուք էք մեր համայնքին եւ ազգին ջահակիրները, ուստի կառչած մնացէք Զմմառեան միաբանութեան, իսկ ամենակարեւորը` եղէ՛ք միաբան, որպէսզի համընդհանուր ճիգերով կերտենք ներկան եւ ընթանանք դէպի պայծառ ապագայ»: Այնուհետեւ մեծաւոր հայրը «Տէրունական աղօթք»-ով եզրափակեց թումանեանական երեկոն:

 

Նախորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Համակարգիչներ Կը Ստեղծեն Արուեստական Երաժշտութիւ

Յաջորդը

ՀՕՄ-ի Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Ծրագիրները Հալէպի Մէջ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.