Երէկ Ռուսիոյ եւ Ղազախստանի նախագահները ունեցան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին շարք մը այլ հարցերու կողքին քննարկեցին Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու` Սոչիի մէջ վերջերս տեղի ունեցած հանդիպումը:
Ղազախստանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդեց, որ Փութին Նազարպայեւը իրազեկեց Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներու հանդիպման արդիւնքներուն մասին:
«Կողմերը քննարկեցին առկայ դժուարութիւնները եւ յայտնեցին իրենց դիրքորոշումները ղարաբաղեան տագնապի հարցին նկատմամբ», ըսուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:


