«Կրուզիա օնլայն» կայքը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նախագահ Կէորկի Մարկվելաշվիլի եւ Թուրքիոյ նորընտիր նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երեքշաբթի օր տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են երկու երկիրներու համագործակցութեան եւ յառաջիկային Կալեսի մէջ տեղի ունենալիք ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի հարցերը:
Մարկվելաշվիլի անգամ մը եւս շնորհաւորած է Էրտողանը Թուրքիոյ նախագահ ընտրուելուն առիթով:
Վրաստանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը հաղորդած է. «Երկու երկիրներու ղեկավարները քննարկած են երկու երկիրներու բազմակողմ յարաբերութիւններուն խորացման անհրաժեշտութեան հարցը: Անոնք յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած են Վրաստանի, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միացեալ ջանքերով իրականացուող ծրագիրներուն:
«Ինչպէս նշուած է զրոյցի ընթացքին` ընթացիկ ծրագիրները պիտի շարունակուին, իսկ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները ալ աւելի պիտի ընդլայնին»:


