
«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեք Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահ Նորպըրթ Լամերթին յղած իր նամակին մէջ նշած է. «Հայերուն բռնի տեղահանումը ո՛չ արտաքսում էր, ո՛չ ալ զանգուածային սպանութիւն»:
Լամերթ 3 յուլիսին Պունտեսթակի մէջ Համաշխարհային Ա. պատերազմի 100-ամեակի նշման արարողութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նշած էր, որ հայերուն աքսորն ու բնաջնջումը զանգուածային տեղահանութիւնն ու սպանութիւնները վերածեցին պատերազմի միջոցի»:
Չիչեք իր նամակին մէջ նշած է, որ «1915-ի բռնագաղթը» պատերազմական կացութեան պատճառով զինուորական անհրաժեշտութիւն մըն էր: «Պատերազմի պայմաններուն պարտադրած այս նախազգուշացման ծիրին մէջ Օսմանեան կայսրութեան հայ քաղաքացիները, որոնք ճակատին ետին կը բնակէին, ուղարկուեցան Սուրիա, որ օրին Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան տակ գտնուող հողամաս մըն էր: Այս առումով` բռնագաղթը ո՛չ աքսոր է, ո՛չ ալ զանգուածային սպանութիւն», ըսած է ան:
Չիչեք աւելցուցած է.«Ապահովական պատճառներով այս նախազգուշական քայլի կիրարկման ընթացքին մեծաթիւ հայեր, որոնք Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացիներ էին, այդ օրերու պայմաններուն պատճառով մահացան: Ես համոզուած եմ, որ անոր քաջածանօթ է Գերմանիան, որուն հետ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին զինակիցներ էինք, քաջածանօթ է, որ բռնագաղթը զինուորական անհրաժեշտութիւն մըն էր»:»


