Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԱՐՏԱԿԱՐԳ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԻՄՔԵՐ ՉԿԱՆ» Կ՛ԸՍԷ ՀԵՂԻՆԷ ԲԻՇԱՐԵԱՆ

July 13, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Հեղինէ Բիշարեան

Ընդդիմադիր Հայ ազգային քոնկրեսին հետ երկխօսութիւն կատարելու` իշխանութեան աշխատանքային խմբակի անդամները արդէն յայտնի են: Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան կողմէ պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Գագիկ Մինասեան եւ Դաւիթ Յարութիւնեան, Բարգաւաճ Հայաստանէն` Վարդան Բոստանջեան եւ Նայիրա Զոհրապեան, իսկ Օրինաց երկիրէն` Մհեր Շահգելդեան եւ Խաչիկ Յարութիւնեան:

Ազգային ժողովի Օրինաց երկիր խմբակցութեան ղեկավար Հեղինէ Բիշարեան երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին նշեց, որ Օրինաց երկիր կուսակցութիւնը համաձայն է երկխօսութեան եւ գիտէ անոր արժէքը: Ան նշեց, որ տակաւին 2008-ի նախագահական ընտրութիւններէն ետք, երբ երկրին մէջ յեղափոխական իրավիճակ կը տիրէր եւ կար ներքաղաքական լարուածութիւն, Օրինաց երկիրը ընդունեց նախագահի երկխօսութեան կոչը յանուն անոր, որ երկրին մէջ տեղի չունենայ քաղաքացիական պատերազմ եւ արտաքին յարձակում: «Այս առումով մենք կարեւոր կը նկատենք եւ կ՛ողջունենք երկխօսութիւնը եւ վստահ ենք, որ այս երկխօսութիւնը եւս իր դրական հետեւանքները պիտի ունենայ մեր երկրին արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան վրայ», նշեց Հ. Բիշարեան:

Ըստ անոր, կարեւորը երկխօսութեան բովանդակութիւնն է եւ այն կարեւոր խնդիրները, որոնք պէտք է քննարկուին:

Պատգամաւորը պարզաբանեց, որ ձեւը կարեւոր չէ, բայց քանի որ Հայ ազգային քոնկրեսին կողմէ ձեւի մասին խօսակցութիւն եղած է, իշխանութիւնը որոշած է, որ ձեւի եւ բովանդակութեան ներդաշնակութեան ծիրին մէջ տեղի ունենայ այդ երկխօսութիւնը:

Ըստ անոր, երկխօսութեան խումբերու ձեւաւորումէն ետք 10 օրուան ժամկէտի մը ընթացքին տեղի պիտի ունենան կլոր սեղանի առաջին քննարկումները եւ պիտի որոշուի օրակարգին բովանդակութիւնը: Հ. Բիշարեան աւելցուց, որ օրակարգի որեւէ խնդիր պէտք է առնչուի արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան հետ եւ որեւէ հարց այդ շրջանակէն դուրս պէտք չէ մնայ:

Հ. Բիշարեան նշեց, որ Օրինաց երկիր կուսակցութեան 14-ամեայ պատմութեան մէջ երբեք չէ պատահած, որ որեւէ կուսակցութեան հետ միասնական ցանկով ընտրութիւններու մասնակցի:

Սակայն ան չբացառեց, որ եթէ յանկարծ համաձայնական կառավարութեան քաղաքական ուժերու եւ երկրին ռազմավարութենէն դրդուած յառաջանայ որեւէ հարց, որմէ մեկնելով դաշինք կազմելու անհրաժեշտութիւն ստեղծուի, Օրինաց երկիրը նոյնպէս պիտի քննարկէ այդ հարցը:

Խօսելով Հայ ազգային քոնկրես-իշխանութիւն երկխօսութեան մասին եւ անդրադառնալով Հայ ազգային քոնկրեսի արտակարգ ընտրութիւններ կատարելու պահանջին` Հ. Բիշարեան յայտնեց, որ այսպիսի բան չի կրնար ըլլալ, եւ անընդունելի է քննարկել արտակարգ ընտրութիւններու հարցը թէ՛ իրաւական, թէ՛ քաղաքական տեսանկիւնէն:

«Այդպիսի քննարկում տեղի պիտի չունենայ, որովհետեւ մեզմէ իւրաքանչիւրը յստակ կը հասկնայ, որ մենք նոր ընդունած ենք Ընտրական օրէնսգիրքը եւ քանի մը ամիսներ մնացած են ընտրութիւններուն: Այսօր ո՛չ քաղաքական, ո՛չ իրաւական հիմքեր կան արտակարգ ընտրութիւններ կատարելու», նշեց ան:

 

Նախորդը

«ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԻՒՆԸ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿ ՔԻՉ ԹԻՒՈՎ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ԿՐՆԱՆ ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱԼ» Կ՛ԸՍԷ ԳԱԳԻԿ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Յաջորդը

«ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ – ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՔՈՆԿՐԵՍ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ՀԵՏԵՒԱՆՔ Է ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՉԿԱՅԱՑԱԾ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԴԱՇՏԻՆ» Կ՛ԸՍԷ ԿԱՐԻՆԷ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.