Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Թուրքիոյ 12-րդ Նախագահ

August 11, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

0810ErdoganԹուրքիոյ Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի նախագահ Սատի Կիւվեն երէկ գիշերուան ժամը 10:00-ին յայտարարեց, որ Թուրքիոյ գործող վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ընտրուած է Թուրքիոյ նախագահ: Ըստ ոչ պաշտօնական տուեալներու, Էրտողան ապահոված է քուէներուն 51,8 առ հարիւրը, Հանրապետական ժողովուրդի եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւններու միացեալ թեկնածու Էքմալէտտին Իհսանօղլու` 38,5 առ հարիւրը, իսկ քիւրտ քաղաքագէտ Սելահէթթին Տեմիրթաշ` 9,7 առ հարիւրը: Իհսանօղլու իր պարտութիւնը ընդունեց: Մասնակցութեան համեմատութիւնը 74,4 առ հարիւր էր, ինչ որ փորձագէտներու նախատեսածէն ցած էր:

Էրտողան յաղթանակի կարճ ճար մը արտասանելով ըսաւ. «Պիտի շարունակենք մեր ազգին ծառայել աւելի լաւ ժողովրդավարութեան մը հասնելու եւ (քրտական հարցի) լուծման հոլովոյթը իր աւարտին հասցնելու համար»:  Ան իր յաղթանակը ապահովելէ ետք նամազ կատարեց Էյուպ սուլթան մզկիթին մէջ, որուն գահ բարձրանալէ ետք իրենց առաջին այցելութիւնը կու տային Օսմանեան կայսրութեան սուլթանները:

Թուրքիոյ մէջ շուրջ 53 միլիոն քուէարկողներ երէկ ուղղուեցան քուէատուփեր ընտրելու համար երկրին նախագահը, որ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կ՛ընտրուի ժողովուրդին կողմէ:

Քուէարկութեան կեդրոններ ուղղուող քաղաքացիները փոխադրող հազարաւոր ինքնաշարժներու եւ փոխադրակառքերու պատճառով Պոլսոյ եւ Անգարայի ճամբաները կաթուածահար եղան: Պոլսոյ մուտքին մօտ եւ Անթալիա-Անգարա մայրուղիին վրայ գտնուող Աֆիոն քաղաքին մօտ մինչեւ 10 քիլոմեթր երկարող խճողումներ յառաջացած էին:

Թրքական օրէնքին համաձայն, Թուրքիոյ քաղաքացիները կրնան քուէարկել միայն մնայուն բնակութեան վայրերուն մէջ, սակայն այժմ երկրին մէջ կը շարունակուի արձակուրդի եղանակը եւ բազմաթիւ բնակիչներ գացած են ծով: Անոնց մէկ մասը չէ դադրեցուցած արձակուրդը, սակայն հազարաւոր քաղաքացիներ որոշած են մէկ օրով լքել լողափները:

Ճամբաներուն վրայ ստեղծուած իրավիճակին պատճառով բազմաթիւ քաղաքացիներ չէին կրցած հասնիլ քուէարկութեան:

 

Նախորդը

Կազայի Մէջ 72 Ժամուան Նոր Զինադադար

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։