Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապ երէկ կրթութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ ինք դարձեալ առիթ կ՛ուզէ տալ ուսուցիչներուն` սրբագրելու պետական քննութիւնները, այլապէս կը խոստանայ վկայագիրներ յանձնել աշակերտներուն:
Ապու Սաապ հաստատեց, որ ինք ուսուցիչներուն կոչ կ՛ուղղէ երեքշաբթի, 12 օգոստոս 2014-էն սկսեալ սրբագրելու պրէօվէի եւ պաքալորէայի աշակերտներուն քննութիւնները` աւելցնելով, որ եթէ անոնք կառչած մնան սրբագրութիւնները պոյքոթի ենթարկելու կեցուածքին, ապա ինք որոշած է պետական քննութեան ներկայացող բոլոր աշակերտներուն վկայագիրներ յանձնել:
Պատասխանելով նախարար Ապու Սաապի յայտարարութեան` Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ աշխատավարձի յաւելումներուն առումով ոչ մէկ նորութիւն կայ` աւելցնելով, որ իրենք պիտի շարունակեն կառչած մնալ իրենց կեցուածքին, այլ խօսքով` պոյքոթի ենթարկել պետական քննութիւններուն սրբագրութիւնը, որպէսզի ապահովեն իրենց իրաւունքներուն վաւերացումը:


