Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին Այսօր Երկկողմանի Հանդիպումներ Պիտի Ունենայ Սարգսեանի Եւ Ալիեւի Հետ

August 9, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

0808_Davit-PapayanՔրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը երէկ հաղորդեց, որ այսօր Սոչիի մէջ տեղի պիտի ունենան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի հետ Վլատիմիր Փութինի երկկողմանի հանդիպումները:

Մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ նախագահ Սարգսեանի հետ հանդիպումին ընթացքին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ քաղաքական, առեւտրատնտեսական եւ մարդասիրական փոխադարձ գործակցութեան հետագայ զարգացման հարցերու շուրջ կարծիքներու փոխանակում: Յատուկ ուշադրութիւն պիտի յատկացուի Հայաստանի` Եւրասիական տնտեսական միութեան մասին համաձայնութեան միանալու հոլովոյթին քննարկման:

Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումին ընթացքին կը նախատեսուի քննարկել ռուս-ազրպէյճանական համագործակցութեան առաւել կարեւոր հարցերը, համաձայնեցնել միացեալ քայլեր հեռանկարային փոխշահաւէտ նախագիծերու յառաջխաղացման ուղղութեամբ, նախ եւ առաջ` ուժանիւթի, ներդրումային եւ միջշրջանային համագործակցութեան մարզին մէջ:

Յայտնենք, որ հայկական կողմը պատրաստակամութիւն յայտնած էր այցելութեան  ծիրին մէջ կայացնելու նաեւ եռակողմ հանդիպում Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հետ` «քննարկելու համար ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման խնդիրները, ինչպէս նաեւ վերջին օրերուն Ազրպէյճանի հրահրած լարումին պատճառով ստեղծուած իրավիճակը»:

Ստեփանակերտի Մէջ Դրական Ակնկալութիւններ
Ունին Սոչիի Հանդիպումէն

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Բաբայեան, խօսելով այսօր Սոչիի մէջ տեղի ունենալիք Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպման մասին, ըսաւ, որ Ստեփանակերտի մէջ յոյս ունին, որ վերջին օրերուն սահմանագիծին վրայ լարուած իրավիճակը եւս կը քննարկուի հանդիպման ժամանակ:

«Մենք ընդհանրապէս որեւէ հանդիպում կ՛արժեւորենք, որովհետեւ նման հանդիպումները կը հանդիսանան կայունութեան եւ խաղաղութեան պահպանման կարեւոր տարրերէն մէկը: Կը խորհիմ, որ այս հանդիպման հիմնական շեշտը պէտք է դրուի վերջերս Ազրպէյճանի կողմէ այդ իրավիճակի ապակայունացման վրայ, եւ աւելի՛ն, լուրջ քայլեր կատարուին խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը պահպանելու համար»,  ըսաւ Բաբայեան:

Ան աւելցուց, որ ամէն պարագայի պէտք չէ այդպիսի հանդիպումներէ ակնկալել վերջնական լուծում, քանի որ առանց Լեռնային Ղարաբաղի մասնակցութեան վերջնական լուծումը անկարելի է:

«Ինչպէ՞ս կարելի է տագնապը լուծել եւ փաստօրէն կանխորոշել Արցախի ժողովրդին ապագան, առանց Արցախի ժողովրդին, Արցախի Հանրապետութեան մասնակցութեան: Սակայն քանի որ ձեւաչափի փոփոխութիւնը, վերականգնումը, աւելի երկար հոլովոյթ է, ատոր համար այս հանդիպման ընթացքին մենք ներկայ դրութեամբ չենք խօսիր ձեւաչափի վերականգնման մասին: Բայց առանց հիմա առկայ խեղաթիւրուած ձեւաչափը վերատեսութեան ենթարկելու, տագնապը լուծելը անկարելի պիտի ըլլայ», շեշտեց Բաբայեան` նշելով, որ այդպիսի հանդիպումներուն կարեւորութիւնը «զինադադարի, խաղաղութեան, կայունութեան եւ ուրեմն բազմաթիւ մարդոց կեանքի պահպանումն է»:

Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի պաշտօնատարին, Ստեփանակերտի մէջ դրական ակնկալութիւններ ունին այս հանդիպումէն:

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Յայտարարէ. «Ազրպէյճանի Մէջ Գերեվարուած Կարէն Պետրոսեան Մահացաւ»

Յաջորդը

Ռասմուսեն. «Օթան Կը Դադրեցնէ Ռուսիոյ Հետ Համագործակցութիւնը»

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.