Ռուսիոյ կառավարութիւնը երէկ ընդունեց Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան մասին համաձայնագիրը, որ ստորագրուած էր 29 մայիսին Ասթանայի մէջ: Համաձայնագիրը պիտի ներկայացուի երկրի նախագահին:
Նոյնը պէտք է ընեն նաեւ Ղազախստանի եւ Պիելոռուսիոյ կառավարութիւնները, որովհետեւ այս երեք պետութիւնները կը նկատուին Եւրասիական միութեան հիմնադիր անդամներ: Հայաստան անդամակցելու պարագային չ՛ունենար հիմնադիր երկրի կարգավիճակ, ինչպէս կը յայտարարէին երկրին իշխանութիւնները:


