
Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ նշեց. «Մոսկուա կը սերտէ Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու օդանաւային ընկերութեանց իր օդային տարածքով դէպի Ասիա եւ Խաղաղականի շրջան թռիչքները արգիլելու հարցը»:
Մետվետեւ յայտնեց, որ տակաւին այս հարցով վերջնական որոշում չէ տրուած, սակայն Ռուսիա որոշած է արգիլել ուքրանական օդանաւային ընկերութիւններու տարանցիկ թռիչքները դէպի Հայաստան, Վրաստան, Ազրպէյճան եւ Թուրքիա:
«Ներկայ պայմաններուն մէջ Ռուսիոյ կառավարութիւնը կը քննարկէ շարք մը պատասխան-քայլեր: Ես զանոնք պիտի նշեմ, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ անոնք անմիջապէս պիտի կիրարկուին. ատիկա եւրոպական եւ ամերիկեան օդանաւային ընկերութիւններուն համար Արեւելեան Ասիոյ, այսինքն` Խաղաղական Ովկիանոսի շրջանի երկիրներ մեր երկրի օդային տարածքի օգտագործման արգելքն է», ըսաւ ան:
Մետվետեւ նշեց, որ Ռուսիան կը սերտէ նաեւ եւրոպական օդանաւային ընկերութեանց թռիչքներուն համար ռուսական տարածք մուտք գործելու եւ դուրս գալու կէտերու փոփոխութեան հարցը` նշելով, որ ատիկա պիտի անդրադառնայ հետագայ օդանաւային փոխադրումներուն, արեւմտեան ընկերութիւններու վաճառած տոմսակներուն գինին վրայ:
Ռուսիոյ վարչապետը նաեւ յայտարարեց, որ իր երկրին կառավարութիւնը մինչեւ մէկ տարուան ժամկէտով արգիլած է Աւստրալիայէն, Քանատայէն, Եւրոպական Միութենէն, Միացեալ Նահանգներէն տաւարի միսի, խոզի միսի, թռչունի միսի, պանիրներու, կաթի եւ կաթնեղէնի, միրգի եւ բանջարեղէնի ներածումը:
Սակայն Արեւմուտքի հաստատած պատժամիջոցներուն ի պատասխան Ռուսիոյ սահմանած պատժամիջոցները պիտի չվերաբերին մանկական սնունդին եւ ապրանքներուն, զորս մարդիկ իրենք պիտի գնեն արտասահմանի մէջ:
Մետվետեւ աւելցուց. «Սահմանափակումները ուժի մէջ կը մտնեն այսօրուընէ սկսեալ` մէկ տարուան ժամկէտով, սակայն եթէ մեր գործընկերները համագործակցութեան առումով կառուցողական մօտեցում ցուցաբերեն, Ռուսիոյ կառավարութիւնը պատրաստ է վերանայելու այդ միջոցներու գործողութեան ժամկէտները»:


