Պաշտօնական այցելութեամբ Քանսաս նահանգ գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը տեսակցեցաւ Քանսասի նահանգապետ Սեմ Պրաունպակի եւ անոր օգնական զօրավար Լի Թաֆանելիի հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի զինեալ ուժերու եւ Քանսասի ազգային պահակագունդին միջեւ համագործակցութեան եւ անոր հետագայ ընդլայնման առնչուող հարցեր:
Այցելութեան ընթացքին կը նախատեսուի նաեւ Հայաստանի պաշտպանութեան փոխնախարարին մասնակցութիւնը «Աչալուրջ պահապան» բժշկական ռազմափորձի բարձրաստիճան հիւրերու օրուան:
Նշուած ռազմափորձին ամերիկեան կողմին հետ նաեւ կը մասնակցին Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերու ռազմաբժշկական վարչութեան հինգ ներկայացուցիչներ:


