Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապու Ֆաուր Օդակայանին Մէջ Կը Ստուգէ «Իպոլա» Ժահրին Լիբանան Մուտքը Կանխարգիլելու Քայլերը

August 2, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ապու Ֆաուր` Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ
Ապու Ֆաուր` Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ

Առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ ուղղուեցաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան եւ շրջեցաւ օդակայանի բժշկական բաժինին մէջ` ընկերակցութեամբ տոքթ. Ուալիտ Ամմարի, օդակայանի տնօրէն Տանիէլ Հայպիի եւ օդակայանի առողջապահական յանձնախումբին:

Ապու Ֆաուր ստուգեց օդակայանին մէջ որդեգրուած միջոցառումները` կանխարգիլելու համար Իպոլա ժահրին Լիբանան «մուտքը», յատկապէս նկատի ունենալով այն տարաձայնութիւնները, թէ Լիբանանի մէջ արձանագրուած է վերոնշեալ ժահրով վարակումի պարագայ մը:

Ապու Ֆաուր շեշտեց, որ այս իմաստով լիբանանցիներուն մտահոգութիւնը հասկնալի է եւ աւելցուց, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը եւ օդակայանի առողջապահական բաժանմունքը անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումները որդեգրած են Իպոլայով վարակուած հիւանդներուն մուտքը կանխարգիլելու համար:

Ան աւելցուց, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանը օժտուած է մարմնին ջերմաստիճանը չափող յատուկ քամերաներով, (նկատի ունենալով, որ իպոլա ժահրով վարակուողներուն ջերմութիւնը բարձր կ՛ըլլայ) եւ առողջապահութեան նախարարութեան որոշումով այդ քամերաները կ՛օգտագործուին` նման պարագայ մը արձանագրուելու ընթացքին անհրաժեշտ միջոցներուն դիմելու համար:

Ան նշեց, որ օդակայանին առողջապահական կեդրոնի բժիշկները եւ նախարարութիւնը ճիգ չեն խնայեր այս իմաստով եւ լիբանանցիները պէտք չունին մտահոգուելու:

Ապու ֆաուր կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն վստահելու լիբանանեան պետութեան եւ առողջապահութեան նախարարութեան ու Պէյրութի միջազգային օդակայանի բժշկական բաժանմունքին որդեգրած միջոցառումներուն` հաստատելով, որ ցարդ Լիբանանի մէջ Իպոլա ժահրով վարակումի պարագայ չէ արձանագրուած:

 

Նախորդը

Ելեւմուտքի Նախարարը Ընդունեց Սենտիքայական Համակարգումի Խորհուրդը Եւ Այցելեց Զօր. Աունի

Յաջորդը

Մուսթաքպալ Հոսանքի Պատուիրակութիւն Մը Երէկ Այցելեց Ռայի Պատրիարքին Եւ Աուտէ Եպիսկոպոսին

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.