Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաղեստինեան Դիմադրութիւնը Իսրայէլացի 2-րդ Զինուոր Մը Գերեվարեց. Իսրայէլ Կը Տապալէ Գահիրէի Բանակցութիւնները

August 2, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

08-01_GazaԵգիպտոս երէկ յայտնեց, որ չի կրնար իսրայէլեան եւ պաղեստինեան կողմերուն միջեւ Գահիրէի մէջ բանակցութեանց պատուիրակութիւնները հիւրընկալել, որովհետեւ պաղեստինեան դիմադրութեան կողմէ իսրայէլացի զինուորի մը գերեվարումէն ետք Իսրայէլ հաղորդած է, որ կը մերժէ բանակցութեանց մասնակցիլ:

Իսրայէլ Եգիպտոսը տեղեակ պահած է, որ իսլայէլացի ողջ զինուոր մը կորսուած է եւ կը գտնուի պաղեստինեան խմբաւորումներէն մէկուն մօտ: Իսրայէլ Պաղեստինեան իշխանութենէն պահանջեց զինադադարի հաստատման շուրջ որեւէ բանակցութենէ առաջ գերեվարուած իսրայէլացի զինուորը վերադարձնել:

Այս զարգացումները տեղի ունեցան Կազայի մէջ մարդասիրական նպատակներով եւ 72 ժամուան տեւողութեան զինադադարի ուժի մէջ մտնելէն քանի մը ժամ ետք: Զինադադարը ժամը 08:00-ին ուժի մէջ մտնելէ ետք քանի մը անգամ խզուեցաւ Իսրայէլի կողմէ:

Իսրայէլ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հոլովոյթի հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Ռոպըրթ Սիրիի յայտնեց, որ ինք առնչակից չէ ՄԱԿ-ի պահանջած 72 ժամուան զինադադարին: Սակայն Համասի բանբեր Մուսա Ապու Մարզուք յայտարարեց, որ իսրայէլացի զինուորը գերեվարուած է զինադադարին ուժի մէջ մտնելէն առաջ: Նշենք, որ ՄԱԿ եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարած էին, որ Իսրայէլ եւ պաղեստինեան խմբաւորումները առանց նախապայմաններու համաձայնած են հաստատելու 72 ժամ տեւողութեան մարդասիրական զինադադար մը, որ երկարաձգելի է:

Իսրայէլ երէկ նաեւ ռմբակոծեց Ռաֆահը: Հարիւրաւոր պաղեստինցիներ փախուստ տուին դէպի Ռաֆահի անցքը, սակայն Եգիպտոս անոնց առջեւ փակեց անցքի դարպասը` այդպիսով զանոնք այդտեղ բանտարկուած պահելով:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10-րդ կայանը յայտնեց. «Այն ինչ որ այսօր տեղի ունեցաւ Համասը մղեց գործադրելու այն դիպաշարը, որմէ Իսրայէլ կը վախնար»:

Յիշեցնենք, որ պաղեստինեան դիմադրութիւնը նախապէս եւս իսրայէլացի զինուոր մը գերեվարած էր:

Նախորդը

Ասատ. «Սուրիացի Ժողովուրդին Համար Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարը Գոյատեւման Պայքար Է»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.