
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Նաամթալլա Ապի Նասըրը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, յատկապէս շրջանին եւ մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ քրիստոնեաներուն իրավիճակը:
Ապի Նասըր շեշտեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած է նաեւ նախագահական ընտրութեան թղթածրարը` շեշտելով հանրապետութեան նոր նախագահ մը ընտրելու անհրաժեշտութիւնը:
Միւս կողմէ, Ֆիթրի տօնին առիթով Ռայի պատրիարքը երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ալեւի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Ասատ Ասիի հետ եւ շնորհաւորեց զայն:
Ռայի պատրիարքը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ Իգնատիոս Աֆրամ Բ. պատրիարքին հետ: Քննարկուեցան Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Մուսուլի քրիստոնեաներուն դիմագրաւած հալածանքները:


