Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էմիր Ապտելլահեան Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Ժամանեց Լիբանան

July 28, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ֆաթհ Ալի, Ապտելլահեան եւ վարչապետ Սալամ
Ֆաթհ Ալի, Ապտելլահեան եւ վարչապետ Սալամ

Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական Էմիր Հիւսէյն Ապտելլահեան, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան սէյիտ Ֆաթհ Ալիի, շաբաթավերջին այցելեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի, որուն ցաւակցութիւն յայտնեց ալճերիական ջախջախուած օդանաւին պատճառով զոհուած լիբանանցիներուն համար:

Հանդիպումէն ետք իրանցի պետական պաշտօնատարը հաստատեց, որ Պասիլի հետ երկար քննարկած է երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները` կեդրոնանալով Կազայի իրադարձութիւններուն վրայ:

Ապտելլահեան ողջունեց սիոնական գոյացութեան գործած պատերազմային ոճիրներուն դէմ Պասիլի դատապարտումները:

Ան իր կարգին դատապարտեց Կազայի մէջ քաղաքացիներուն դէմ գործուող քստմնելի սպանդները` ընդգծելով, որ Իրան ամէն միջոցով կը զօրակցի պաղեստինեան Դիմադրութեան:

«Միջազգային որոշ կողմերէ Իսրայէլի նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը ոչ մէկ ձեւով պիտի տկարացնէ պաղեստինեան դիմադրութիւնը», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով լիբանանեան-իրանեան յարաբերութիւններուն` Ապտելլահեան յայտնեց, որ Թեհրան պատրաստ է գործակցելու Լիբանանի հետ եւ փոխըմբռնումի համաձայնութիւններու հիման վրայ գործակցելու:

Պըրրիի Մօտ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց Ապտելլահեանը եւ Ֆաթհ Ալին:

Հանդիպումէն ետք Ապտելլահեան Ֆիթրի տօնին առիթով իր շնորհաւորութիւնները յայտնեց լիբանանցիներուն:

Միւս կողմէ, սակայն, ան լիբանանցիներուն ցաւակցութիւն յայտնեց ալճերիական օդանաւին ջախջախումին պատճառով զոհուած լիբանանցիներուն համար:

Ապտելլահեան շեշտեց, որ ինք Պըրրիի հետ քննարկած է երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Կազայի վերաբերող շարք մը հարցեր:

Ան ողջունեց Կազայի զօրակցութեան խորհրդարանական նիստ մը գումարելու Պըրրիի նախաձեռնութիւնը:

Ան նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին դատապարտած են նաեւ Մուսուլի քրիստոնեայ համայնքին բռնագաղթը:

Ապտելլահեան հաստատեց Թեհրանի պատրաստակամութիւնը` մնայուն կերպով զօրակցելու Լիբանանի կառավարութեան եւ ժողովուրդին:

Վարչապետարանին Մէջ

Վարչապետ Թամմամ Սալամ ընդունեց Ապտելլահեանը` ներկայութեամբ Իրանի դեսպան Ֆաթհ Ալիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները:

Նախորդը

Սէյիտ Նասրալլա Ընդունեց Ժոմպլաթն Ու Ապտելլահեանը

Յաջորդը

Լիբանանեան Պաշտօնական Պատուիրակութիւն Մը Ուղղուեցաւ Մալի

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.