Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Կորուստները. Մատենադարանի Նախկին Տնօրէն Սեն Արեւշատեան Կնքեց Իր Մահկանացուն

July 26, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Սեն Արեւշատեան
Սեն Արեւշատեան

Երէկ մահացաւ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի նախկին տնօրէն, փիլիսոփայ, պատմաբան Սեն Արեւշատեան: Այս լուրը «Սիվիլնեթ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին հաստատեցին Մատենադարանէն:

Սեն Արեւշատեան ծնած է 7 յունուար 1928-ին,  Երեւան: 1951-ին գերազանցութեամբ աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքը: 1951-54 Խորհրդային Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի ասփիրաթուրային մէջ մասնագիտացած է հայ հին եւ միջնադարեան փիլիսոփայութեան պատմութեան մէջ: 1956-ին պաշտպանած է թեկնածուական ատենախօսութիւն` Գրիգոր Տաթեւացիի փիլիսոփայական հայեացքներուն վերաբերեալ: 1954-59 թուականներուն եղած է Խորհրդային Հայաստանի գիտութիւններու փիլիսոփայութեան եւ իրաւունքի բաժնի գիտաշխատող: Ապրիլ 1959-ին աշխատանքի անցած է Խորհրդային Հայաստանի  նախարարներու խորհուրդին առընթեր հին ձեռագիրներու նորաստեղծ գիտահետազօտական հիմնարկին` Մատենադարանին մէջ` իբրեւ սկզբնաղբիւրներու գիտական թարգմանութեան բաժինի վարիչ: 1972-ին ստացած է փիլիսոփայական գիտութիւններու դոկտորի աստիճան: 1973-ին ղեկավարած է Մատենադարանի հին բնագիրներու ուսումնասիրութեան եւ հրապարակման բաժինը, իսկ մարտ 1982-ին նշանակուած է Մատենադարանի տնօրէն, նաեւ համատեղութեան կարգով եղած է Խորհրդային Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի պատմաբանասիրական հանդէսի պատասխանատու քարտուղարը (1958-1960 թուական), փիլիսոփայութեան եւ իրաւունքի հիմնարկի աւագ գիտաշխատող` 1972-1979: 1975-էն 1978 դասաւանդած է Երեւանի պետական համալսարանին մէջ: Շուրջ 25 տարի` 1982-2007 եղած է Մատենադարանի տնօրէն, իսկ 2007-էն մինչեւ իր մահը Մատենադարանի կառավարման խորհուրդի նախագահն էր:

Սեն Արեւշատեան հեղինակ է աւելի քան 150 գիտական աշխատութիւններու, 30 մենագրութիւններու եւ յօդուածներու, որոնք լոյս տեսած են ոչ միայն Հայաստանի մէջ, այլ նաեւ` Մոսկուայի, Փարիզի, Վարշաւայի, Ս. Փեթերսպուրկի, Աթէնքի եւ Գահիրէի մէջ: Անոնք կը վերաբերին հիմնականին մէջ հայ հին եւ միջնադարեան փիլիսոփայութեան պատմութեան: Արեւշատեանի գիտական գործունէութեան կարեւոր մաս կը կազմեն հայ ականաւոր իմաստասէրներ Մեսրոպ Մաշտոցի, Եզնիկ Կողբացիի, Դաւիթ Անյաղթի, Անանիա Շիրակացիի, Յովհան Որոտնեցիի, Գրիգոր Տաթեւացիի երկերու ռուսերէն թարգմանութիւնները:

Երեւանի պատուաւոր քաղաքացի է, պարգեւատրուած է շքանշաններով եւ մետալներով, Եւրոպայի մշակոյթի «Պօ-Արաքս» ընկերութեան (Վենետիկ) անդամ է, Փիլիսոփայական միջազգային ակադեմիայի իսկական անդամ, «Արարատ» միջազգային ակադեմիայի (Փարիզ) թղթակից անդամ: 2008-ին պարգեւատրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան  կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան ոսկի մետալով, արժանացած է Հայ առաքելական եկեղեցւոյ «Սուրբ Սահակ, Սուրբ Մեսրոպ» շքանշանին, 2010-ին պարգեւատրուած է «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար» առաջին աստիճանի մետալով:

 

Նախորդը

«Ոչ Մէկ Ձեւով Պիտի Զլանանք Զօրակցիլ Եւ Օժանդակել Պաղեստինեան Դիմադրութեան» Կ՛ըսէ Սէյիտ Նասրալլա

Յաջորդը

Վանի Մէջ Հայատառ Ցուցանակներ Յայտնուած Են

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.