Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժահժահ. «Մենք Կ՛ըսենք Նախ Լիբանանը, Իսկ Մեր Հակառակորդները Կ՛ըսեն` Նախ Մենք Եւ Մինչեւ Վերջ Մենք»

July 26, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

25-07geagea_pandԲանտէն իր ազատ արձակումին Թ. տարեդարձին առիթով` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ յայտնեց, որ ինք կը փափաքէր այս առիթով քաղաքական յայտարարութիւններ չկատարել` նկատի ունենալով, որ քաղաքական արտայայտութիւնները մնայուն կերպով կը կրկնուին այս օրերուն: «Սակայն լուռ մնալ չի նշանակեր քաղաքականութենէ հրաժարիլ, որովհետեւ պայքարը քայլեր առնելէ լաւ է», ըսաւ ան:

Ժահժահ շեշտեց, որ բանտին մէջ զգացումը իսկական ահաբեկչութեան զգացում է` աւելցնելով, որ ինք բանտին մէջ արցունք թափած է, խնդացած, ապրած ու գոյատեւած օրական դրութեամբ աշխատանքային օրակարգ մը ունենալու հիման վրայ:

Ժահժահ բացումը կատարեց Մեհրապի մէջ իր բանտը խորհրդանշող բանտին` նշելով, որ անիկա իր կնոջ` երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահի մտայղացումն է, նկատի ունենալով, որ ան իրեն հետ ապրած է բանտարկութեան բոլոր հանգրուանները:

Ժահժահ շեշտեց, որ ինք մտածած է Սթրիտայի մասին եւ պայքարած` աւելցնելով, որ բանտը իրեն կը յիշեցնէ Մայրիներու յեղափոխութիւնը, որովհետեւ Մայրիներու յեղափոխութեան շնորհիւ ինք դուրս եկած է բանտէն:

Ան դիտել տուաւ, որ այսօր Արեւելքի մէջ պատահածը նոյն հոլովոյթն է, որովհետեւ Արեւելքը կը փորձէ դուրս գալ բանտէն: «Արեւելքը սկսած է գրել իր իսկական պատմութիւնը, սակայն դժբախտաբար ամէնէն աւելի սուղ վճարելու գնով», ըսաւ Ժահժահ:

Ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ բանտը մեծ է եւ ընդարձակ: «Բանտ մը առանց պատերու, սակայն մեծ ճնշումներով, զրկանքներով, երաշտով, սովով, պայթումներով, անձնասպանական գործողութեան հեղինակներով եւ հրթիռներով», նշեց ան:

Ժահժահ յայտնեց, որ իրենք մնայուն կերպով Նախ Լիբանան կ՛ըսեն, սակայն իրենց հակառակորդները մնայուն կերպով կը շեշտեն` նախ մենք եւ վերջը մենք:

«Բայց եւ այնպէս մենք դարձեալ պիտի ճեղքենք այս բանտին ճաղերը եւ դուրս պիտի գանք անկէ: Մեզի համար այսօր բանտը յուշ է, իսկ վաղուան համար այդ բանտը օրինակ պիտի դառնայ անոնց», եզրափակեց Ժահժահ:

Նախորդը

Մաշնուք. «Բանակի Գաղտնի Սպասարկութեան Կողմէ Առանց Բերման Գիրի Կատարուած Ձերբակալումները Ջնջելու Դրութիւնը Նուաճում Է»

Յաջորդը

Վարչապետ Սալամ Պըրրիի Եւ Պասիլի Հետ Քննարկեց Ալճերիական Ջախջախուած Օդանաւին Վերաբերող Մանրամասնութիւնները

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.