Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական Գանձասարի. Գարուն, Յեղափոխութիւն Եւ Մասամբ Նորին

July 26, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զ. Պ.

26-07Picture9Յուլիս ամսուն անգամ մը եւս լուսարձակի տակ կը բերենք Հայ դատի արդար լուծմանուղղուած հայ վրիժառու բազուկներու սխրանքներուն

շարքը` Խանասորի արշաւանքի նուիրեալ հայ ֆետայիներէն մինչեւ Միսաք Թորլաքեանի, Ստեփան Ծաղիկեանի ու Լիզպոնի հինգ հայ ողջակէզներու յիշատակին նշումով:

Յեղափոխականի վեհ սկզբունքներով առաջնորդուող ու արդարութեան համար մարտնչող հայ վրիժառու բազուկները մաս կազմեցին հայ յեղափոխական այն ընտրեալներուն, որոնք հարազատօրէն կը մարմնաւորէին հայու մարտունակութիւնը, յեղափոխականի կամքն ու բարոյական ներուժը:

Խանասորի երգով յաւերժացած «կանանց երբեք ձեռք տալու չէ վրիժառու ջան ֆետան» պատգա-մը խորքին մէջ հայ յեղափոխականի վեհ սկզբունքներուն ժողովրդային արտայայտութիւնն էր, որ սերունդէ սերունդ փոխանցուելով հայ ժողովուրդին մէջ կը դարբնէր յեղափոխականի լուսաւոր պատկերը:

Հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի ողջ ընթացքին հայ յեղափոխականի նկարագրին էր բնորոշ անձնազոհութեան բնազդը, անընկճելի կամքը, վեհանձնութիւնը դէպի թոյլն ու անպաշտպանը եւ, վերջապէս, հայկական իրաւունքներու ձեռքբերման վճռակամութիւնը:

Երբ հայկական իրաւունքներու ձեռքբերման խաղաղ միջոցները անբաւարար մնացին եւ միջազգային ատեանները թրքական բարբարոսութիւններուն ի տես լուռ մնացին, ծնունդ առաւ հայ յեղափոխութիւնն, որ ընթացք առաւ ազգային տեսլականով` յանուն հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու ձեռքբերման, յանուն անոր գոյութեան ու պայծառ գալիքին: Հայ յեղափոխականին համար յստակ էր թիրախը, թշնամին, ինչպէս որ յստակ էր պայքարի իր նպատակը:

Այսպէս եղած է յեղափոխականը ու այսպիսի վեհանձն ձգտումներ մարմնաւորելու կոչուած է յեղափոխութիւնը դարերու ընթացքին:

Վերջին տարիներուն, սակայն, մարդկային բարոյական սկզբունքներու նահանջին, գաղափարական սնամէջութեան հետ, գերպետութիւններու քաղաքական նենգ խաղերու մթնոլորտին մէջ մերթ ընդ մերթ մթագնիլ սկսած է նաեւ յեղափոխութեան գաղափարն ու յեղափոխականի նկարագիրը:

Արժանավայել կեանքի ու արդար հասարակարգի ձգտող ժողովուրդներու արդար պահանջը օգտագործելով, անոր խաբուսիկ յեղափոխութեան առաջնորդելու միտող  հրահրումները, յատկապէս` Միջին Արեւելքի շարք մը երկիրներուն մէջ, հրապարակ բերած են ահաբեկչական այնպիսի խմբաւորումներ, որոնք չունենալով գաղափարական յենարան, յեղափոխականի նկարագիր, տեսլական ու սկզբունք` յեղափոխութեան անուան տակ ի գործ կը դնեն մարդասպանութեան, անխնայ կոտորածներու, ատելութեան,այլամերժութեան, քանդումի եւ աւերումի մտայնութեան վատագոյն դրսեւորումներ:

Եթէ յեղափոխութիւնը կոչուած է երկիրն ու ժողո-վուրդը աւելի արդար, աւելի ազատ ու բարգաւաճ ափեր առաջնորդելու, ապա ահաբեկչական նմանօրինակ դրսեւորումներ ե՛ւ իրենց թափանցած երկիրը, ե՛ւ անոր ժողովուրդը նսեմացնելով, աստիճանաբար ստրկացնելով, տնտեսապէս տկարացնելով միջնադարեան ժամանակաշրջաններ առաջնորդելու կոչուած կը թուին ըլլալ` համարեա՛ չէզոքացնել փորձելով անոր բարգաւաճման նուազագոյն ձգտումներն անգամ:

Նոյնն է պարագան Սուրիոյ տագնապին մէջ յայտնուած ոչ սուրիացի ահաբեկչական խմբաւորումներուն, որոնց, յեղափոխութեան անուան տակ, ի գործ դրած անմարդկային արարքները, անխնայ կոտորածներն ու քանդումները ուղղուած չեն թուիր ըլլալ ժողովրդավարութեան հաստատման ու չեն մարմնաւորեր երկիրը աւելի բարգաւաճ ափեր առաջնորդելու կամ արդար հասարակարգ ստեղծելու յեղափոխականի ձգտումները: Ընդհակառակն, անոնք արտաքին հրահրումներով կը սպառնան երկրի տարածքային ամբողջականութեան, տարածաշրջանին մէջ անոր ռազմաքաղաքական ազդու ներկայութեան ու մանաւանդ սուրիական ընկերութեան բաղադրիչներու համերաշխ գոյակցութեան:

Մշուշապատ մեր առօրեային մէջ, սակայն, հայ վրիժառու բազուկներու անձնազոհութեան օրինակն ու սխրանքը կը շարունակեն լուսաւորել գաղափարապաշտ յեղափոխականի անշեղ ուղին:

 

 

Նախորդը

«Երիտասարդութիւնը Կը Կազմէ Արիւնը Մեր Եկեղեցւոյ Ու Ժողովուրդին» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Ծառայասէր Եւ Աւանդապահ Մովսէս Տուտագլեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։