Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երիտասարդութիւնը Կը Կազմէ Արիւնը Մեր Եկեղեցւոյ Ու Ժողովուրդին» Արամ Ա. Կաթողիկոս

July 26, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

10566435_885012898179080_1559163839_nՉորեքշաբթի, 23 յուլիս 2014-ի երեկոյեան, Պիքֆայայի վանքի վեհարանին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց կաթողիկոսարանի երիտասարդական բաժանմունքի յանձնախումբը` գլխաւորութեամբ  Յակոբ Հանտեանի: Հանդիպման նաեւ ներկայ էին բաժանմունքի նախկին վարիչ Ղեւոնդ վրդ. Բենթէզեան եւ նորնշանակուած վարիչ Պարոյր աբղ. Շէրնէզեան:

Բաժանմունքի պատասխանատուները վեհափառ հայրապետին զեկուցեցին անցնող ամիսներու ընթացքին իրենց կատարած աշխատանքին մասին: Ան ուրախութեամբ իմացաւ, որ յանձնախումբը իր շուրջ կը համախմբէ զանազան տարիքի ու հետաքրքրութեան տէր 50 երիտասարդներ: Յանձնախումբը երկխօսութիւն ունեցած է երիտասարդներուն հետ, յատկապէս լսած ու տեղեակ դարձած է եկեղեցիէն անոնց սպասումներուն: Յառաջիկայ շաբաթներուն յանձնախումբը դարձեալ հանդիպում մը պիտի ունենայ նոյն խմբակին հետ, ապա պիտի պատրաստէ հարցախոյզ մը` ճշդելով իր յառաջիկայ քայլերն ու ծրագիրները:

Կաթողիկոսարանի երիտասարդական բաժանմունքին նպատակն է Լիբանանի երիտասարդութեան մօտ կատարուած յիշեալ հարցախոյզի փորձարկումէն ետք, որոշ պատշաճեցումներով զայն նաեւ թելադրել այլ թեմերու` առ ի գործադրութիւն:

Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց երիտասարդութեան հետ խօսելու եւ անոնց կարիքներուն, սպասումներուն ու մտահոգութիւններուն մօտէն տեղեակ դառնալու հրամայականը: Արամ Ա. յիշեցուց, որ երիտասարդութիւնը կը կազմէ արիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին: Հարկ է երիտասարդները ներառել մեր կեանքին մէջ` զանոնք դարձնելով մասնակից մեր ապրումներուն, մեր տագնապներուն եւ մեր ծրագիրներուն: Անոնք լսողի ու հետեւողի դերին մէջ պէտք չէ ըլլան, այլ` մասնակցողի:

Վեհափառ հայրապետը նաեւ յայտնեց, որ ինք պատրաստ է ամէն իմաստով զօրակցելու` մեր երիտասարդները մեր եկեղեցւոյ ու ազգին, մեր արժէքներուն ու աւանդութիւններուն շուրջ համախմբելու ձգտող բոլոր աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն:

 

Նախորդը

Երիտասարդական Ոսպնեակ. Հինգ Ճառագայթող Կանթեղներ Հայրենիքի Երկնակամարին Վրայ (Լիզպոնի Տղոց Յիշատակին)

Յաջորդը

Խմբագրական Գանձասարի. Գարուն, Յեղափոխութիւն Եւ Մասամբ Նորին

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։