Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեթանիահու. «Չենք Կրնար Ամբողջական Յաղթանակի Մը Իրագործումը Երաշխաւորել, Սակայն Մեր Կարելին Պիտի Ընենք»

July 25, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

24-07GazaԻսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ Կազայի դէմ յարձակումին մասին խօսելով յայտարարեց. «Չենք կրնար ամբողջական յաղթանակի մը իրագործումը երաշխաւորել, սակայն մեր կարելին պիտի ընենք»: «Կազայի մէջ գործողութիւնը պիտի շարունակենք Իսրայէլի քաղաքացիներուն հանդարտութիւնը վերականգնելու եւ փապուղիներու համակարգի հարցը լուծելու համար», ըսաւ ան:

Ան ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդի` Իսրայէլը հետաքննութեան ենթարկելու որոշումը «անհեթեթ որոշում» նկատեց: Նեթանիահու ըսաւ, որ իրենց համար թիրախը Համասի եւ Ժիհատ Իսլամիի ղեկավարներն են:

Իսրայէլի արդարադատութեան նախարար Ցիփի Լիվնի իր կարգին ըսաւ. «Պէտք է շարունակենք Կազայի մէջ գործողութիւնը, եւ երբ փապուղիներուն վտանգը վերացնենք, այդ գործողութիւնը կասեցնելու մասին կարելի է խօսիլ»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի զինադադարի հաստատման դիւանագիտական ջանքերուն ծիրին մէջ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Նեթանիահուի, ինչպէս նաեւ Քաթարի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն հետ:

Նշենք, որ Համասի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալետ Մաշաալ չորեքշաբթի օր մերժեց Կազայի պաշարման վերացումէն առաջ զինադադար հաստատել` իսրայէլացիներուն հարց տալով, եթէ Կազայի պաշարման դիմաց պաշարո՞ւմ մը կ՛ուզեն: Ան յայտարարեց. «Ոչ ոք կրնայ դիմադրութեան զէնքը խլել»: Ան նաեւ ըսաւ. «Ճոն Քերրի ինքն է, որ Քաթարէն եւ Թուրքիայէն պահանջեց զինադադարի հաստատման համար Համասի հետ կապ հաստատել»:

Մինչ այդ, Քասսամի փաղանգները յայտարարեցին, որ Կազայի տարբեր շրջաններու մէջ բախումներուն ընթացքին իսրայէլացի 8 զինուորներ սպաննած են եւ իսրայէլեան քաղաքներու եւ գիւղերու դէմ արձակած են հրթիռներ, որոնք դարձեալ Պեն Կորիոն օդակայանը եւ Թել Աւիւը հարուածած են:

Փաղանգները յայտնեցին, որ իրենց անդամները Պէյթ Հանունի հիւսիսը գտնուող երկու ճակատներու վրայ բուռն բախումներ ունեցած են իսրայէլեան ուժերուն հետ եւ անոնց շարքերուն վնասներ պատճառած են:

 

 

Նախորդը

Խամենէի Պաղեստինցիներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Շարունակելու Իսրայէլի Դէմ Զինուորական Գործողութիւնները

Յաջորդը

Ալճերիական Օդանաւ Մը Ջախջախուեցաւ Մալիի Մէջ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • PDF արխիւ
  • Կապ մեզի հետ
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.