Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

July 12, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նախարար Յակոբեան` սփիւռքահայ երիտասարդ լրագրողներուն հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Երիտասարդ լրագրողներու վերապատրաստման դասընթացք»ին դասախօսական շարքը արդէն հասած է իր աւարտին: Այս գծով երէկ լրագրողները հանդիպում մը ունեցան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի հետ եւ քննարկեցին «Երիտասարդ լրագրողներու վերապատրաստման դպրոց»ի ծրագիրին վերաբերող հարցեր: Լրագրողները հիմնականին մէջ առաջարկեցին ծրագիրի տարողութեան ընդլայնում եւ գործնական աշխատանքներու յաւելում: Միւս կողմէ` հաղորդելով, որ ծրագիրի մշակումը սկսած է յունուար ամիսէն ի վեր, նախարար Յակոբեան պատրաստակամութիւն յայտնեց յաջորդ տարուան «Երիտասարդ լրագրողներու վերապատրաստման դպրոց»ին դասախօսական շարքը կատարել մէկ ամիսով:

Պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն` նախարարը անդրադարձաւ նաեւ «Հայոց լեզուի ամառնային դպրոց»ի ծրագիր մը պատրաստելու հարցին եւ նշեց, որ հայ է ան, որ ինքզինք հայ կը զգայ: Սակայն ան շեշտը դրաւ նաեւ լեզուին կարեւորութեան վրայ: Ան յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը սփիւռքէն բարեգործութիւններ չ՛ակնկալեր, այլ` զարգացման ծրագիրներ, հետեւաբար ան ընդգծեց Հայաստանի մէջ սփիւռքի կողմէ տնտեսական գետնի վրայ ներդրումներ կատարելու կարեւորութիւնը: Սփիւռքի նախարարը հինգ համահայկական խնդիրներ թուեց, ինչպէս` Լեռնային Ղարաբաղի, Հայոց ցեղասպանութեան, հայապահպանման հարցերը, հայ եկեղեցւոյ դերին բարձրացման եւ Հայաստանի հզօրացման եւ զարգացման խնդիրները, որոնց շուրջ Հայաստան-սփիւռք Դ. համաժողովը տեղի պիտի ունենայ 19-20 սեպտեմբեր:

Նախարարութիւնը լրագրողներուն կոչ ուղղեց լայնօրէն անդրադառնալու երկքաղաքացիութեան հարցին` քաջալերելով հայութիւնը դիմելու երկքաղաքացիութեան:

Հանդիպումէն ետք լրագրողները այցելեցին նախարարութեան «Հայերն այսօր» կայքէջի խմբագրակազմին, ուր ունեցան հարցազրոյց:

Շաբաթ օր լրագրողները հարցազրոյց ունեցած էին նաեւ «Նոյեան Տապան» լրատու գործակալութեան անձնակազմին հետ:

Նախորդը

«ԱԶԴԱԿ»Ի ՖՈՆՏԻՆ

Յաջորդը

ԸՍՏ «ԼԸ ՄՈՆՏ»Ի ԸՆԿԵՐՎԱՐԱԿԱՆՆԵՐԸ ԻՐԵՆՑ ԺՈՂՈՎՐԴԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ՇՐՋԱՆՑԱԾ ԵՆ ՍԱՐՔՈԶԻՆ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.