Երէկ առաւօտեան Ռաս Նաքուրայի ՖԻՆԻՒԼ-ի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ եռակողմանի զինուորական հանդիպում մը` լիբանանցի ու իսրայէլացի սպաներու եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ, նախագահութեամբ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրայի:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան վերաբերող հարցեր, իսրայէլեան ուժերուն կողմէ սահմանային Կապոյտ գիծը խախտելու արարքները, Լիբանանէն կատարուած հրթիռարձակումները, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Ղաժարէն իսրայէլեան բանակին նահանջը ապահովելու քայլերը:
Զօր. Սերրա ողջունեց լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերուն ցուցաբերած գործակցութիւնը` ՖԻՆԻՒԼ-ին նկատմամբ, ինչպէս նաեւ երկուքին ինքնազսպումը` աւելցնելով, որ ինք ստացած է խոստումներ, թէ լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերը կ՛ուզեն հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ սահմանի ապահովական կայունութիւնը պահպանել:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի նոր նշանակուած հրամանատար զօր. Լուչիանօ Փորթելանոն, որ այսօրուընէ սկսեալ պաշտօնապէս պիտի ստանձնէ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատարութիւնը:


