Հակառակ անոր որ 2014-ի Մոնտիալէն ետք իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին Քարլոս Քիւյերոզ ըսաւ, որ լքեց Իրանի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնը, սակայն այնպէս կը թուի, որ ան վերստին պիտի վերադառնայ եւ ստանձնէ իր այդ պաշտօնը` նկատի ունենալով, որ բանակցութիւններու մէջ է Իրանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ:
Նախապէս Ռէալ Մատրիտի, Փորթուգալի եւ Հարաւային Ափրիկէի մարզիչը եղած Քիւյերոզ կը մտադրէ իր խումբը հասցնել 2018-ի Մոնտիալի աւարտականներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան Ռուսիոյ մէջ:
Նախքան այդ, անշուշտ եթէ ան վերստին ստանձնէ իր այդ պաշտօնը, ան պիտի փորձէ լաւ արդիւնք արձանագրել 2015-ի Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ տարուան յունուարին` Աւստրալիոյ մէջ:


