Ֆրանսական «Լ՛Էքիփ» պարբերաթերթին համաձայն, շատ հաւանաբար փղոսկրեայ ափունքցի յառաջապահ Տիտիէ Տրոկպա վերադառնայ Չելսի եւ մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրէ լոնտոնեան ակումբին հետ:
36 տարեկան Տրոկպա 18 ամիս մաս կազմելէ ետք Կալաթասարայի, այժմ դարձած է ազատ մարզիկ մը` լքելէ ետք թրքական ակումբը:
Նշենք, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին մեծ մասը (2004-2012) ան անցուցած է Չելսիի հետ:


