Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (21 Յուլիս 1964)

July 21, 2014
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական Կեանք

Ամերիկեան «Թայմ» Թերթը
Հայ Դատի Մասին

«Թայմ» շաբաթաթերթը, որ երեք միլիոն սպառում ունի եւ Մ. Նահանգներու ամէնէն ազդեցիկ հրատարակութիւններէն մէկն է, 17 յուլիսի թիւով եւ Հանրապետական կուսակցութեան Պատգամաւորական ժողովի աշխատանքներուն յատկացուած իր էջերուն մէջ (էջ 19-24) կ՛անդրադառնայ ժողովի նախօրեակին վկայութեան կոչուած զանազան կազմակերպութիւններու զեկուցումներուն եւ քաղաքական հարցերու շուրջ պարզաբանական յայտարարութեանց ու յայտնելէ ետք, թէ` «170 կազմակերպութիւններ Պատգամաւորական ժողովին ներկայացուցած են իրենց տեսակէտներն ու կարծիքները», կը յիշատակէ անոնցմէ միայն երեքին անունները: Շաբաթաթերթը կ՛արձանագրէ, այս առիթով, թէ Հայ դատի յանձնախումբը մէկն է եղած անոնցմէ: (Յանձին ընկ. Ճէյմս Թաշեանի, որ Գերեալ ազգերու եւ Հայաստանի ազատագրութեան հարցին շուրջ 8 յուլիսին մանրամասն զեկուցում տուած էր, ինչպէս հաղորդած էինք արդէն):

137 Տարեկան Հայ Մը Կովկասի Ժողովուրդը
Ամէնէն Երկարակեացը

«Երկարակեաց մարդոց աշխարհին մէջ».- Կիները 10-20 զաւակ կը ծնին եւ դաշտերու վրայ կ՛աշխատին մարդիկ, որոնք հարիւր տարեկանը անցած են:

Այդ աշխարհը կը գտնուի Կովկասի կեդրոնը, Ատրպատականի Քարապաղ կոչուած բարձունքին մօտ: Այդ երկիրը 150,000 բնակչութիւն ունի եւ անոնք Խորհրդային Միութեան մէջ ամէնէն երկարակեացներն են:

Այս մասին մէջ 214 հոգի հարիւր տարեկանը անցած են: Անոնց ամէնէն տարեցն է 137 տարեկան Համբարձում անունով հայ գործաւոր մը, որ տակաւին կ՛աշխատի: Երբ բժիշկները հարցուցած են իր երկարակեցութեան գաղտնիքը, հայ ծերունին «հիւանդանալիք ատեն չկրցայ գտնել» պատասխանած է:

Նոյն շրջանին մէջ կ՛ապրի զոյգ մը, որոնք 16 տարեկանին ամուսնացած են եւ այժմ 110 տարեկան են:

 

Աւերակ Քղին

90 Հայեր Կ՛ապրին
Քղիի Գիւղերուն Մէջ

Քղիէն նոր վերադարձող հայրենակից մը` Մամիկոն Աշըգեան, մասնաւոր նամակով մը հետեւեալ տեղեկութիւնները տուած է Քղիի ներկայ վիճակին մասին.-

Համեւրոպական առաջին պատերազմին եւ կոտորածի արհաւիրքի օրերուն հրաշքով մը փրկուեցայ թուրքի արիւնոտ եաթաղանէն եւ հազար ու մէկ դժուարութիւններէ ետք հասայ մինչեւ Խարբերդ: Հոն ալ ահ ու սարսափի մէջ կեանքս քարշ տուի, մինչեւ որ կոտորածի վախը փարատեցաւ, չափով մը: Միջոց մը վերջ ամուսնացայ եւ վերադարձայ Քղի, իմ ծննդավայր Օսնակ գիւղը, ուր պատսպարուեցայ պապենական տան մէջ: Վերադարձիս թուրքերը զարմացան, թէ ինչպէ՜ս կրցած եմ փրկուիլ չէթէական խումբերու եւ քիւրտ խուժանի արիւնոտ եաթաղանէն, կամ` ինչպէ՞ս առանց վախի վերադարձած եմ ծննդավայր: Այնուամենայնիւ, որեւէ դժուարութիւն չտուին ինծի եւ այդպէս ապրեցայ ամբողջ 48 տարի: Եղայ զաւակներու եւ թոռներու տէր եւ միշտ փարած մնացի կրօնիս ու քրիստոնէական հաւատքիս, որովհետեւ վստահ էի, թէ մենք կրնանք մեռնիլ, բայց հայութիւնը կ՛ապրի, եւ անպայման օր մը կ՛իրականանան իր երազները:

Քղիի հայրենակցականի հիմնադրութեան օրերուն պաշտօն ստացայ պրպտումներ կատարելու վերապրող քղեցիներ գտնելու, այցելեցի Քղիի բոլոր գիւղերը եւ գտայ 90 քղեցիներ. քաջալերեցի զիրենք, որ իրենց ազգութիւնը եւ կրօնը չմոռնան, կրօնափոխ չըլլան. այնուհետեւ տեղեկագրեցի հայրենակցական միութեան` իրենց անուն մականունով եւ անմիջապէս ստացայ նիւթական օգնութիւն` բաժնելու համար վերապրողներուն: Այսպէս շարունակուեցաւ եւ կը շարունակուի մինչեւ այժմ:

Քանի մը տարի առաջ այս վերապրողներէն 10 հոգի մեկնեցան Պոլիս: Զաւակներս ալ իրենց ընտանեկան պարագաներով մեկնեցան Քանատա` շնորհիւ եղբօրս նիւթական զոհողութեան. իսկ ես մօտ 4 ամիս առաջ եկայ Քանատա եւ միացայ զաւակներուս ու եղբօրս: Այժմ Քղիի մէջ կան տակաւին 30 հայեր: Ամերիկա հասնելէ ետք, ցարդ երեք նամակ ստացած եմ իրենցմէ: Անոնք իրենց թշուառ վիճակը կը ներկայացնեն: Այս պարագան հայրենակցականին լուրջ ուշադրութեան կը յանձնեմ, ոչ միայն անմիջական օգնութեան համար, այլ նաեւ որպէսզի ջանան փրկել զանոնք ու փոխադրել այլուր:

Երկու խօսք ալ` Քղիի ներկայ վիճակին մասին: Ցաւով պիտի յայտնեմ, որ երբեմնի շէն Քղին այժմ աւերակ է, չկան եկեղեցիներն ու վանքերը, չկան դպրոցներ եւ պալատանման շէնքերը, թուրքին ձեռքերը քանդած են բոլորը. բուերն են, որ կը տիրապետեն այդ աւերակներուն վրայ: Ականատեսի այս վկայութիւններս թող աւելի եւս գործի մղեն Քղիի հայրենակցականը, որպէսզի ազատէ այն թշուառները, որոնք քարշ կու տան իրենց կեանքը այնտեղ:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Թուային Ժամանակներու Մէջ. Ինչո՞ւ Ժամանակն Է Արհեստագիտութեան Մէջ «Յեղափոխութիւն» Բառէն Հրաժարելու

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.