
Նոել «Չիթա» Սանվիսենթէ, որ Վենեզուելայի մէջ ակումբներու հետ ամէնէն աւելի յաջողութիւն արձանագրած մարզիչն է, նշանակուեցաւ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ` առաջնահերթ նպատակ ունենալով իր երկրին համար Մոնտիալի տոմս մը ապահովել, անոր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով:
2 տարբեր ակումբներու հետ, եօթը անգամ վենեզուելական ախոյեանութեան տիտղոսին տիրացած 49 տարեկան Սանվիսենթէ փոխարինեց Սեզար Ֆարիասը, որ շուրջ 8 ամիս առաջ ներկայացուց իր հրաժարականը:
Ան իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ Հարաւային Քորէայի դէմ, 5 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք ֆութպոլի բարեկամական մրցումին:
Նշենք, որ հարաւային ամերիկեան տասը խումբերէն Վենեզուելա միակն է, որ ցարդ չէ կրցած մոնտիալին մասնակցիլ:


