Մանչեսթըր Եունայթըտի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին միջնապահներէն Մայքըլ Քերիք, որ ենթարկուեցաւ ծունկի վիրաբուժութեան, 12 շաբաթ պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Անգլիացի 32 տարեկան միջնապահը այս շաբաթասկիզբին փորձերու ընթացքին վիրաւորուեցաւ, կը յայտնէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:
Նշենք, որ Եունայթըտ, պատրաստուելու համար նոր տարեշրջանին, երէկ մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ:
Եունայթըտ «Փրեմիեր լիկ»-ի 2014-2015 տարեշրջանի իր առաջին մրցումին, 16 օգոստոսին պիտի հիւրընկալէ Սոանզի Սիթին:


