Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը երէկ բողոքի իր նստացոյցը կատարեց Քաղաքացիական հարցերու կարգաւորման ազգային գերագոյն խորհուրդին կեդրոնին դիմաց:
Նստացոյցին իրենց մասնակցութիւնը բերին պետական քննութիւններուն մասնակցած պրէօվէի եւ պաքալորէայի աշակերտները:
Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ պահանջեց պատասխանատուներէն ազատ արձակելու իրենց իրաւունքները, որպէսզի կարելի ըլլայ ազատ արձակել նաեւ աշակերտներուն վկայականներն ու ճշդել ուսման յառաջիկայ տարեշրջանի վերամուտը:
Ղարիպ նշեց, որ պետական քննութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են աւելի քան քառասուն հազար աշակերտներ, որոնք բոլորը պատրաստ են զօրակցելու իրենց, եթէ առաւելագոյնը հինգ օրուան ընթացքին ուսուցիչներուն, պետական պաշտօնեաներուն եւ զինուորականներուն աշխատավարձի յաւելումներուն հարցը չլուծուի:
Ղարիպ հաստատեց, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը պատրաստ է լայն շարժումներու ձեռնարկելու եւ լուծելու բոլորին հարցերն ու թղթածրարները:
Ան աւելցուց, որ իրենք մնայուն կերպով պիտի խանգարեն Քաղաքացիական հարցերու կարգաւորման ազգային գերագոյն խորհուրդին աշխատանքները` նկատի ունենալով, որ միաժամանակ արգելակած կ՛ըլլան 15 նախարարութիւններու աշխատանքները:
Կէսօրէ ետք Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը կրթութեան նախարարին հետ ունեցած իր հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեց, որ իր հիմնական պահանջն է, որ աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը ըլլայ խորհրդարանի քննարկելիք օրակարգին առաջին կէտը եւ վաւերացուի, որպէսզի ի վերջոյ իրաւունքը հասնի իր տիրոջ եւ ուսուցիչները սկսին պետական քննութիւններու սրբագրութեան:
Միւս կողմէ, կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապ նախարարութեան կեդրոնէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ ցաւ յայտնեց, որ կրթական մարզը եւս զոհ դարձած է քաղաքական լարուածութեան:
Ապու Սաապ յայտնեց, որ աշխատավարձի յաւելումներուն հարցը ի վերջոյ պիտի լուծուի եւ անկէ ետք է, որ երկրին դիմագրաւած մնացեալ հարցերը պիտի գտնեն իրենց լուծումները:
Կրթութեան նախարարը հաստատեց, որ եթէ չորս օրէն ուսուցիչները չսկսին սրբագրութեան աշխատանքին, ապա ուսումնական յաջորդ տարեշրջանը կրնայ վտանգուիլ:


