
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհ Ալին` ընկերակցութեամբ դեսպանատան զինուորական կցորդ զօր. Մոհամետ Ռիտա Մըզրահիի:
Հանդիպումը ունէր ծանօթացման բնոյթ: Քննարկուեցան երկրին ընդհանուր իրավիճակը եւ երկու բանակներուն միջեւ գործակցութեան հեռանկարները:
Միւս կողմէ, լիբանանեան բանակը Արքուպի, Մարիի, Այն Արապի, Խիամի եւ հարաւային Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ զետեղած է տասնեակներով անցարգելներ եւ կը ստուգէ դէպի հարաւ ուղղուող ինքնաշարժներն ու քաղաքացիներուն անձնաթուղթերը:


