Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 16, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլի յայտնեց, որ կը նախատեսուի հինգ մեծ պետութիւններու դեսպաններուն այցելութիւնը վարչապետ Թամմամ Սալամի:

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ օդուժը երէկ երեկոյեան ռմբակոծեց Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող Հմայտ հովիտը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ յայտնեց, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու համար պէտք է Ժեզզինի մէջ երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններ կատարել` նկատի ունենալով երեսփոխան Միշել Հըլուի մահուան պատճառով թափուր մնացած աթոռը:

«ԵՏԻՈԹ Ահրոնոթ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով իսրայէլացի սպայէ մը, կը գրէ, որ հիւսիսային Իսրայէլի ճակատին վրայ պատերազմ մը բռնկելու պարագային, Իսրայէլ կը նախատեսէ, որ իր վրայ օրական հազար հրթիռ արձակուի:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա զգուշացուց Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ Լիբանանը բաժանումի ենթարկելու միտումներէն:

ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի մէջ երէկ տիրեց զգուշաւոր լռութիւն, որուն զուգահեռ լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն կողմէ հսկողութիւնը խստացաւ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Արսալի փուռերէն ամէնօրեայ դրութեամբ 12 հազար կապ լիբանանեան հաց կը փոխադրուի դէպի Արսալի բարձունքները: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Արսալի բարձունքներուն վրայ հաստատուած են 30 հազար գաղթականներ, որոնց 5 հազարը զինեալներ են:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ խորհրդարանական որեւէ օրէնսդրական նիստի մասնակցութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է խորհրդարանին քննարկելիք օրակարգին հետ:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, արտաքին ուժեր զգուշացուցած են կառավարութիւնը եւ ընդգծած հարաւային Լիբանանի կացութիւնը հակակշռելու կարեւորութիւնը: Անոնք նշեցին, որ իրենք տեղեակ են, թէ կառավարութիւնն ու Հըզպալլան նախապէս չեն տեղեկանար հարաւային Լիբանանէն արձակուելիք հրթիռներուն մասին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա յայտնեց, որ երկրին առօրեայ կարիքները հոգալու համար անպայմանօրէն հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան կարիք չկայ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Միշել Մուսա յայտնեց, որ պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձերուն յաւելումները վաւերացնելու խորհրդարանական նիստը բաց է եւ անհրաժեշտ է երեսփոխաններու բաւարար թիւ ապահովել` այդ թղթածրարը վաւերացնելու համար:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը կը սպասեն նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի խորհրդատու Նատեր Հարիրիի Լիբանան վերադարձին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ Ամալ շարժումին հետ կատարուած երկխօսութեան միակ նպատակը Լիբանանի ազգային միասնականութեան ամրապնդումն է:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ հարցը խոշորացոյցի տակ զետեղած է` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը նիստի չհրաւիրելը այս կամ այն քաղաքական կողմին ենթարկուելու համազօր է:

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Ռաշիտ Տըրպաս յայտնեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամ բարի միտքով կը մտածէ երկրին կացութիւնը պահպանելու մասին:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Մույին Մերեհպի Հըզպալլան պատասխանատու նկատած է Լիբանանեան արեւելեան լեռնաշղթային վրայ արձանագրուող զինեալ բախումներուն:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռամզի Ժրէյժ յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքը խանգարելու ընդմէջէն կարելի չէ հանրապետութեան նախագահին ընտրութեան հոլովոյթը դիւրացնել:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն եւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան հաշտութեան հանդիպում մը ունեցած են արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի բնակարանին մէջ` ներկայութեամբ նախկին նախարար Մարուան Խէյրէտտինի:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Հապըր շեշտեց, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալուն ընթացքին կուսակցութիւնը օրէնսդրութեան համաձայն չէ:

Նախորդը

Մոսկուայի Մեթրոյին Մէջ Արկած Մը 20 Զոհ Պատճառեց

Յաջորդը

Հաժ Հասան. «Պէտք Է Ամրապնդել Լիբանանեան-Իրանեան Յարաբերութիւնները»

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.