Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՏԱՐԱՆԻՆ ԱՐՁԱԿԱԾ ՆԱԽՆԱԿԱՆ ԱՄԲԱՍՏԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԱՐԺԷՔ Է» ՇԵՇՏԵՑ ՄՈՀԱՄԵՏ ՌԱԱՏ

July 11, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ երէկ Քֆարքիլայի մէջ արտասանած իր խօսքին ընդմէջէն կոչ ուղղեց նկատի ունենալու, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը իր արձակած նախնական ամբաստանութեամբ կ՛ուզէ թիրախ դարձնել Դիմադրութիւնը` անոր վերագրելով նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան պատասխանատուութիւնը:

Ռաատ նկատել տուաւ, որ Դիմադրութիւնը ջախջախելու համար ամէն ջանք ի գործ դրուած է, նոյնիսկ պատերազմներ մղուած են, սակայն նմանօրինակ բոլոր փորձերն ալ ապարդիւն դուրս եկած են` աւելցնելով, որ նախնական ամբաստանութիւնը ցարդ վերջին միջոցն է` պայքարելու համար Դիմադրութեան դէմ:

Ռաատ յայտնեց, որ արձակուած այս ամբաստանութիւնը անարժէք է, որովհետեւ անիկա կը հետապնդէ Լիբանանի մէջ Հըզպալլա կոչուող կազմակերպութեան դէմ միջազգային գրգռութիւններ հրահրելու նպատակը:

«2006-ին մեզի դէմ յայտարարուած «համաշխարհային» պատերազմին դէմ դնելէ ետք, աւելի դիւրաւ կրնանք դէմ դնել սուտ ամբաստանութեան մը, որուն հետեւանքները թիրախ պիտի դարձնեն այդ սուտը ստեղծող կողմերը», ըսաւ Ռաատ:

Ան շեշտեց, որ Դիմադրութեան դէմ պայքարի այս նոր ձեւին ձախողութիւնը եւս երաշխաւորուած է:

 

Նախորդը

ԺԵՄԱՅԷԼ. «ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ ՏԻՐՈՂ ԱՅԺՄՈՒ ՍՈՒՐ ԵՐԿՓԵՂԿՈՒՄԻ ՇՐՋԱԳԻԾԻՆ ՄԷՋ ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԱՊԱՐԴԻՒՆ Է»

Յաջորդը

ՄԱՆՍՈՒՐ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԳԻՐ ՄԸ ՍՏԱՑԱՒ ԻՐ ՌՈՒՍ ՊԱՇՏՕՆԱԿԻՑԷՆ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.