Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

July 11, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութիւնը իր առաջին նիստը պիտի գումարէ յառաջիկայ հինգշաբթի օր: Կը նախատեսուի, որ կառավարութեան քննարկելիք հիմնական հարցերէն մէկը ըլլայ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի պաշտօնավարութեան նստաշրջանի երկարաձգումը, ինչպէս նաեւ կ՛ակնկալուի կատարել շարք մը պետական պաշտօններու նշանակումներ:

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի կը պատրաստուի արաբական շրջապտոյտի մը, որուն նպատակն է հաստատել, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կը զօրակցի արաբական միասնականութեան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարեկարգում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը երկու չափ երկու կշիռի քաղաքականութեամբ կը վարուի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին հրապարակած միջազգային բանաձեւերուն հետ:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն շեշտեց, որ նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ` բարելաւելու համար երկրին տեսարժան վայրերը եւ այն շրջանները, որոնք հնութիւններ կ՛ընդգրկեն:

ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆատի Ապպուտ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ զբօսաշրջութեան մարզին վիճակը լաւ կը նկատուի, հակառակ այն իրողութեան, որ Լիբանանի մէջ զբօսաշրջութիւնը խառնուած է քաղաքականութեան:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ քաղաքական պատասխանատուութիւնները պէտք է կեդրոնանան քաղաքացիները ամէն տեսակի ստրկութենէ փրկելու ջանքերուն վրայ:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա երէկ Սէուտական Արաբիոյ մէջ հանդիպում մը ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանին հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան-սէուտական երկկողմանի յարաբերութիւնները: Կը նախատեսուի, որ Սինիորա հանդիպումներ ունենայ նաեւ սէուտցի այլ պատասխանատուներու հետ:

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի այցելուները «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ Միքաթիի կարծիքով, ընդդիմութիւնը կը փափաքի զինք եւ կառավարութիւնը անդամալուծել, որպէսզի անոնք գործելու առիթ չունենան:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի ստիպուած է վերադառնալու Լիբանան` նախքան Ռամատան ամսուան սկիզբը:

ՄԱՐՈՆԻ ընդհանուր խորհուրդի նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն յայտնեց, որ կառավարութիւնը անակնկալի պիտի մատնէ ընդդիմութիւնը` լուծելով Սուրիոյ մէջ գտնուող լիբանանցի արգելափակեալներուն թղթածրարը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ահմետ Հպուս յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը կարելի պիտի ըլլայ ձախողեցնել սահմանադրական միջոցներով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամին Ուեհպէ յայտնեց, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մէջ Միջազգային դատական ատեանին գործունէութեան վերաբերեալ այդքան անորոշ կեցուածքի մը կարիքը չկար:

ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ փորձագէտ Սալահ Հընէյն յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի առաքելութիւնը պէտք է ըլլայ Լիբանանը հեռու պահել այն երեւոյթներէն, որոնք չեն ծառայեր անոր շահերուն:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ Սուրիոյ հզօրութիւնը ուժ կը ներշնչէ նաեւ Լիբանանին, իսկ Սուրիոյ կայունութիւնը կ՛երաշխաւորէ նաեւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, երեսփոխան Միշել Մըր Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն մէջ հանգիստ չէր զգար եւ գոհ չէր այդ ուժերուն հետ իր յարաբերութենէն:

 

 

Նախորդը

ՀԱՅԿ ԴԵՄՈՅԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ «ԱԶԴԱԿ»

Յաջորդը

ԱՊԱՏԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՄԱՂԹԷ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.