Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քասսամի Փաղանգները Կը Բացայայտեն, Թէ Անօդաչու Թռչող Սարքեր Կ՛արտադրեն

July 15, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1407Gaza1Համաս շարժումի զինեալ թեւը` Իզէտտին Քասսամ փաղանգները յայտարարեցին, որ արտադրած են «Ապապիլ-1» անունով անօդաչու թռչող սարքեր, որոնք երեք տիպի են. հետախուզական, ռմբաձիգ եւ յարձակողական: Փաղանգները աւելցուցին, որ այդ օդանաւերէն մէկը Թել Աւիւի մէջ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան շէնքին վերեւ թռիչք կատարած է:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10¬րդ կայանը յայտարարեց, որ իսրայէլեան բանակը վար առած է Աստոտի վերեւ թռիչք կատարող Համասի այդ սարքերէն մէկը, որ տեսախցիկ մը կը կրէր եւ վար առնուելէ առաջ հաւանաբար նկարներ փոխանցած է իր կեդրոնին: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ նաեւ հաղորդեցին, որ անիկա ռումբեր կը կրէր եւ անոր թեւերուն երկայնքը երկու մեթր է եւ տասնեակ մը քիլոմեթրերու հեռաւորութեամբ կրնայ թռիչք կատարել:

Պաղեստինեան սարքը վար առնուած է «Փաթրիոթ» հակահրթիռային համակարգին կողմէ արձակուած հրթիռի մը միջոցով:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10¬րդ կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակի գնահատումով Համաս այլ անօդաչու սարքեր եւս ունի, ինչպէս նաեւ այնպիսի այլ միջոցներ, որոնք կրնան ներկայ հանգրուանին օգտագործուիլ: Կայանը նաեւ նշեց, որ Համաս այդպիսի սարքեր արտադրելու կարողութիւնը չունի, ուստի հաւանաբար այդ ճարտարագիտութիւնը ստացած է Իրանէն:

Իսրայէլ երկրին հարաւը զինուորական փակ շրջան յայտարարեց:

Միւս կողմէ, պաղեստինեան դիմադրութիւնը շարունակեց հրթիռակոծել Աշքելոնի, Հայֆայի եւ Թել Աւիւի մէջ գտնուող բնակեցման վայրերը: Քասսամի փաղանգները յայտարարեցին, որ Զիքիմի մէջ զինուորական կեդրոն մը հարուածած են 10 հրթիռներով:

Սարայա Քուտս խմբաւորումը իր կարգին յայտարարեց, որ ռմբակոծած է Թել Աւիւի հարաւը գտնուող Նահալ Սուրիքի մէջ գտնուող հիւլէական կայանը, ինչպէս նաեւ իսրայէլեան օդուժի Պելմախիմ ռազմակայանը:

«Ետիոթ Ահրոնոթ»¬ի կայքը հաղորդեց, որ հրթիռ մը ինկած է Տեմոնա քաղաքին վրայ:

Նախորդը

Քրեմլին Կը Քննարկէ Ուքրանիոյ «Ճշգրիտ Պատասխան Հարուածներ» Հասցնելու Կարելիութիւնը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.