Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏՈՆԻ ՌՈՍԹՈՎԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀԱՅ-ՌՈՒՍԱԿԱՆ ՄԻՋԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՆԻՍՏԸ

July 11, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Երկկողմանի հանդիպումէն պահ մը

Ռոսթովի մէջ 8 յուլիսին իր աշխատանքներուն սկսաւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնախումբը: Նախքան 13-րդ նիստին բացումը, տեղի ունեցաւ յանձնախումբի համանախագահներ` Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի եւ Ռուսիոյ փոխադրութեան նախարար Իկոր Լեւիթինի դռնփակ հանդիպումը:

Ողջունելով նիստի մասնակիցները` Հայաստանի վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնեց ռուսական կողմին` անոր ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան համար: Տիգրան Սարգսեան նշեց, որ յանձնախումբի նախորդ` 12-րդ նիստէն ետք ինկած ժամանակաշրջանին ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական-տնտեսական համագործակցութիւնը շօշափելի աճ արձանագրեց: Ըստ անոր, Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը 2010 թուականին աճեցաւ աւելի քան 10 առ հարիւրի եւ հասաւ գրեթէ 1 միլիառ տոլարի: Իսկ ընթացիկ տարուան առաջին չորս ամիսներուն ընթացքին նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ առեւտրաշրջանառութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ աւելցաւ 13 առ հարիւրով: Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան աւելցուց, որ մեծ ուշադրութեան արժանի է նաեւ ապրանքներու արտահանման աճը ռուսական շուկայ, որ 2010-ին աճեցաւ աւելի քան 40 առ հարիւրով, այս տարուան առաջին չորս ամիսներուն ընթացքին արձանագրուեցաւ այս ցուցանիշի աճ` 27 առ հարիւրով:

Վարչապետ Սարգսեան վստահութիւն յայտնեց, որ երկկողմանի տնտեսական ներուժը մեծ է, եւ լաւ կարելիութիւններ կան խորացնելու համագործակցութիւնը, ինչպէս արդիւնաբերութեան շարք մը ճիւղերուն, այնպէս ալ գիւղատնտեսութեան, զբօսաշրջութեան եւ տնտեսութեան այլ մարզերուն մէջ: «Մեր երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան հետագայ խորացման նպատակով ներկայիս անհրաժեշտ է ամրապնդել փոխադարձ կապերը եւ կարգաւորել երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող նոր ներդրումային ծրագիրներու իրականացումը», յայտնեց վարչապետը:

Այս ծիրին մէջ վարչապետ Սարգսեան կարեւոր նկատեց «հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններուն մէջ միջշրջանային համագործակցութեան նոր նուաճումներուն ընդառաջ» նիւթով հայ-ռուսական միջշրջանային առաջին համագումարի յաջող կայացման փաստը: «Անհրաժեշտ է նաեւ ընդգծել, որ հայ-ռուսական տնտեսական համագործակցութեան շրջագիծին մէջ առկայ է փոխադարձ հետաքրքրութիւն բոլոր մարզերուն մէջ` մեր երկիրներու ղեկավարութիւններուն, հասարակութիւններուն, ինչպէս նաեւ գործարարական մարզի ներկայացուցիչներուն կողմէ, ինչ որ խթան կը հանդիսանայ մեր երկիրներուն միջեւ գործարարական կապերու զարգացման համար», նշեց վարչապետ Սարգսեան:

Նիստին մասնակիցները քննարկեցին եւ որոշումներ տուին տնտեսական համագործակցութեան հայ-ռուսական միջկառավարական յանձնախումբի` 23 հոկտեմբեր 2010-ին տեղի ունեցած 12-րդ նիստի արձանագրութեան կատարման ընթացքի, երկկողմանի իրաւապայմանագրային դաշտի եւ առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններու ներկայ վիճակին եւ զարգացման հեռանկարներուն, վառելանիւթի եւ ուժանիւթի համակարգի, փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան, գիւղատնտեսութեան, մարդասիրական մարզերուն մէջ ծաւալած համագործակցութեան համար:

 

Նախորդը

ԴԵՍՊԱՆ ԵՂԻԱԶԱՐԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՊՐԱԶԻԼԻ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՀԵՏ

Յաջորդը

ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԲԺԻՇԿՆԵՐՈՒ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.